ՄԱՐՈՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Մարոնի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքը, Ուրբաթ, 27 Յունուարի երեկոյեան, այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։ Հանդիպումը աւելի քան ժամ մը տեւեց։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էին Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ու Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Քննարկումներուն հիմնական նիւթը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։ Տեսակէտներու փոխանակումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին եւ ժողովականներուն առաջարկով որոշուեցաւ, որ այս շաբաթ տեղի ունենայ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում Պքէրքէի մէջ, եւ այնուհետեւ՝ քրիստոնեայ երեսփոխաններու, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական մօտեցումներ ճշդել եւ նախագահական ընտրութեան առաջնորդող գործընթացքը դիւրացնել։