Prelacy News, Prelacy News

ՄԱՐԴ ԻՆՉՈ՞Վ Կ՚ԱՊՐԻ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Վստահ եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը մանկութեան կամ պատանեկութեան օրերէն կարդացած կամ լսած կ՛ըլլայ պատմութիւն մը կամ բանաստեղծութիւն մը, որ իր սրտին շատ մօտիկ ըլլալով միշտ կը յիշէ։ Այսօր, կ՛ուզեմ ձեր հետ բաժնել Լէօ Թոլսթոյի «Մարդ ինչո՞վ կ՛ապրի» թանկագին պատմուածքը, որ մինչեւ օրս խոր տպաւորութիւն թողած է վրաս։

Թոլսթոյ կը պատմէ, թէ համեստ կօշկակար մը՝ Սիմոն անունով, օր մը քաղաք կը մեկնի, որպէսզի պարտապաններէն իր դրամը հաւաքէ։ Կինը խստիւ կը պատուիրէ՝ սպառնալու աստիճան, որ ետ տուն չդառնայ առանց որ իրեն մուշտակէ վերարկու մը բերէ։ 

Դժբախտաբար, Սիմոն ձեռնունայն կը վերադառնայ քաղաքէն։ Ճամբան, երբ փլատակ մատուռի մը քովէն կ՛անցնէր, ձիւնին տակ կը նշմարէ գրեթէ մերկ երիտասարդ մը։ Սիմոն ճամբան փոխելով  կ՛աճապարէ, որպէսզի գլխուն փորձանք մը չհանդիպի։ Յանկարծ ինքնիրեն հարց  կու  տայ. «Սիմո՛ն, ի՞նչ բանէ կը վախնաս, երբ ոչինչ ունիս կողոպտուելիք»։ Ան ետ կը դառնայ եւ կը հարցնէ անծանօթին, թէ ի՞նչ կ՚ընէր առանձին այդ ցուրդ օդին։ Ապշեցուցիչ պատասխան մը կը ստանայ․ «Ո՛չ մէկ տեղ ունիմ երթալիք»։ Սիմոն մեղքնալով, իր հնամաշ վերարկուն կու տայ անոր եւ կը հրաւիրէ իր տունը։ Կինը, հեռուէն նկատելով որ ո՛չ միայն Սիմոնի ձեռքը դատարկ է, այլ նաեւ տկլոր երիտասարդ մը հետը կը բերէ, տան շեմին Սիմոնին վրայ գոռալով, թէ «ալ հերի՛ք է թշուառ այս կեանքին դիմանալ», երբ կը պատրաստուէր հեռանալ եւ մօր տունը երթալ, աչք մը նետելով թշուառ երիտասարդին վրայ, յանկարծ կը մեղմանայ, տուն կը մտնէ եւ ճաշ կը պատրաստէ։ Օտարականի դէմքին վրայ առաջին անգամ ըլլալով ժպիտ մը կը գծագրուի։

Յաջորդ օր, Սիմոն կը հարցնէ երիտասարդին անունը, եւ կ՛ուզէ գիտնալ թէ ի՞նչ գործ կ՛ընէ։ Պատասխանը կ՛ըլլայ. «Անունս Միքայէլ է, ո՛չ մէկ արհեստ գիտեմ»։ Սիմոն իր գործը կը սորվեցնէ իրեն, եւ շատ կը զարմանայ երբ կը տեսնէ, թէ կարճ ժամանակի մէջ Միքայէլ ո՛չ միայն ձեռք կ՛առնէ արհեստին գաղտնիքը, այլ համբաւը կը տարածուի մինչեւ հեռակայ շրջաններ։

Օր մը, ազնուականի մը շռնդալից կառքը կանգ առնելով կրպակին առջեւ, ծառաները առջեւէն, ներս կը մտնէ մեծահարուստ մը, որ Սիմոնին կ՛ապսպրէ զոյգ կօշիկներ պատրաստել, եւ  յանձնելէ ետք թանկագին կաշի մը, կը սպառնայ որ որեւէ սխալ մը իր կեանքի գնով պիտի վճարէ։ Մինչ այդ, Միքայէլ, դիտելով յաճախորդին յանդուգն արտայայտութիւնը,  անգամ մը եւս կը ժպտայ։ Սիմոն, սարսափահար, կ՛աղաչէ Միքայէլին որ ծայր աստիճան զգոյշ աշխատի։ Յաջորդ օր, դժբախտաբար, կը պատահի աննախընթաց սխալ մը. Միքայէլ, կօշիկի փոխարէն, հողաթափի չափով կը կտրէ կաշին։ Սիմոն լեղապատառ կը տժգունի, սպասելով մահուան վճիռին, երբ յանկարծ դրան մուտքին կը տեսնէ ազնուականին ծառաները, եւ կը լսէ անոնց աղաչական ձայնը, թէ՝ «Վարպե՛տ, եթէ կօշիկները չես սկսած շինել, հողաթափ պատրաստէ»։ Ծառաները կը պատմեն, թէ նախորդ օր իրենց տէրը տուն դարձին, անակնկալ կերպով մեռած էր։ Սիմոն ա՛լ աւելի կը սկսի զարմանալ, չկարենալով հասկնալ իր աշկերտի սխալին եւ ազնուականի մահուան զուգադիպութիւնը։

Ժամանակ մը ետք, Միքայէլ, որ բացարձակապէս գլուխը սեղանէն չէր վերցներ, հետաքրքրութեամբ պատուհանէն դուրս կը դիտէ կնոջ մը, որ երկու աղջնակներու ձեռքէն բռնած խանութ կը մտնէ։ Շուտով կ՛իմանայ, թէ երեխաները որդեգրուած են, եւ իրենց մայրը՝ մեռած պահուն մէկուն ոտքին վրայ իյնալով, վնասած էր անոր կրունկը։ Միքայէլ երրորդ անգամ ըլլալով կը ժպտայ, լսելէ ետք անցուդարձերու մանրամասնութեանց։

Երբ աղջնակներու կօշիկները պատրաստ կ՛ըլլան, Միքայէլ ոտքի կանգնելով գոգնոցը հանելէ ետք, շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սիմոնին իր ազնուագոյն վերաբերմունքին համար եւ կը պատրաստուի մեկնիլ։ Սիմոն, հրաժեշտի այս անակնկալ խօսքէն շփոթահար, կը հարցնէ, եթէ որեւէ ձեւով վշտացուցա՞ծ էր զինք։ Միքայէլ կը յայտնէ իր իրաւ ինքնութիւնը, թէ ինք Միքայէլ հրեշտակապետն էր, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած էր երկիր, յանձնարարուած հոգիներ տանելու երկինք։ Պարտականութեան վերջին հանգրուանին, զոյգ նորածիններ իր կողքին ունեցող մօր մը աղաչանքին չդիմամալով, որ ժամանակ տայ իրեն երեխաները մեծցնելու, հրեշտակապետը կը վերադառնայ թերաւարտ առաքելութեամբ։ Աստուած կը պատժէ իր անհնազանդութեան համար, եւ երկիր կը ղրկէ զինք,  որպէսզի երեք բաներ սորվի մարդ արարածէն։

Միքայէլ, շարունակելով իր խօսքը, կ՛ըսէ. «Երեք անգամ ժպտացի, երբ երեք բաներ սորվեցայ աշխարհ գալով.- առաջին բանը որ սորվեցայ, այն է, թէ մարդ արարածը որքան ալ չար ըլլայ, իր մէջ բարին ներկայ է։ Ասիկա սորվեցայ, երբ տեսայ թէ ինչպէս քու կինդ երբ զայրոյթի մէջ էր, ակնթարթի մը մէջ խաղաղեցաւ։

Երկրորդ բանը որ սորվեցայ, այն է, թէ մարդիկ կը փորձուին աստուած ըլլալ, երբ  իրենց կեանքին իսկ տէրը չեն։ Ասիկա սորվեցայ ազնուական մարդէն երբ քեզի մահ սպառնաց, մինչ նոյն գիշեր ինք պիտի մահանար։

Երրորդ բանը որ սորվեցայ՝ Աստուծոյ մնայուն նախախնամութիւնն է իր ստեղծագործութեան հանդէպ։ Ասոր անդրադարձայ, երբ հանդիպեցայ որդեգրուած զոյգ աղջիկներուն, այն նորածիններուն, որոնց վրայ Աստուծոյ  խնամատարութեան կասկածելով, պատժուեցայ։

Միքայէլ, իր խօսքը աւարտելով, կ՛ըսէ․ «Հիմա գիտեմ. մարդիկ կը կարծեն, թէ իրենց հոգատարութեամբ միայն կրնան ապրիլ, բայց ճշմարտութիւնը այն է, թէ Սիրով է որ կը գոյատեւեն։ Ան որ սէր ունի՝ Աստուծոյ մէջ է, եւ Աստուած իր մէջ»։

Այս յուզիչ պատմուածքը վստահ եմ որ ձեր սրտին ու մտքին եւս կը խօսի, բարութեան դրական ոգին առաւել եւս զարգացնելով առօրեայ կեանքին մէջ։ Մանաւանդ այս օրերուն երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը Հալէպի մէջ դեռ եւս կը տառապին երկրաշարժին հետեւանքով։

Այս առթիւ, մխիթարուած կը զգամ, որ մինչեւ օրս Սուրիահայ Օժանդակութեան մեր ֆոնտը  հասած է Սիրոյ հրաշքով 98,853 տոլարի։

Նախախնամող եւ Բարեխնամ երկնաւոր Հօր Սուրբ Աջը թող անպակաս  ըլլայ մեր բոլորին վրայ, որպէսզի Սիրոյ հրաշքով նորոգուինք, եւ փոխակերպենք մեր հարազատներուն տառապանքի եւ կորուստի ահաւոր ծանրութիւնը Յոյսի լծակով։