ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ
30 Մարտի առաւօտեան, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմակալ Առաջնորդները՝ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ եւ հիւրընկալ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն (Լոս Անճելըս) ներս ունեցան խորհրդակցական միօրեայ հանդիպում:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ երեք Թեմակալ Առաջնորդները միատեղ ու միասին խորհրդածեն հայ ժողովուրդի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Թեմերն ու ազգային կեանքը յուզող հետեւեալ հարցերուն մասին.
Ա) Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմեր: Այս ծիրէն ներս, Թեմակալ Առաջնորդները իրենց նախնական պատկերացումները իրարու ներկայացուցին, կատարեցին ամբողջացումներ եւ պատրաստեցին կուռ ծրագիր, որպէսզի ե՛ւ որպէս Թեմեր, ե՛ւ ընդհանրապէս՝ գաղութներ, կարելի ըլլայ ամէնէն պատշաճ ու պատուական մթնոլորտի մէջ հիւրընկալել Սփիւռքի հայութեան Սրբազնագոյն Հայրապետը, որուն Հիւսիսային Ամերիկա այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ երեք շրջաններու հայութեան հաւատքի նորոգութեան, ազգային ինքնութեան նորօրեայ արժեւորման եւ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի յաւելեալ ծաղկումին:
Բ) Արամ Ա. Կաթողիկոսի հռչակումով «Սփիւռքի Տարուան» Բ. տարին ըլլալով՝ ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում ընթանալու լուսաւոր ապագայի ակնկալութեամբ, Թեմակալ Առաջնորդները շօշափեցին կարելիութիւնները՝ աւելի՛ կազմակերպուած ու աւելի՛ ծաւալուն ծառայութիւն բերելու հայ ժողովուրդին ու գաղութներու զաւակներուն, Թեմերու, ծուխերու եւ Ազգ. վարժարաններու ընդմէջէն:
Գ) Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը յատկապէս երիտասարդ նոր սերունդներու մօտ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է քրիստոնէական արժէքները աւելի դիւրահաղորդ ու ընկալելի դարձնել մեր շուրջ հասակ առնող տղոց ու աղջկանց համար: Առ այս, Առաջնորդ Սրբազանները անգամ մը եւս վերահաստատեցին, որ պիտի շարունակեն վերանորոգ թափով իրենց ծրագրաւորումը ի կատար ածել:
Դ) Ծիսական բարեկարգութեան գծով, Սրբազան Հայրերը իրենց Կրօնական ժողովներէն եկած հարցերը քննարկեցին եւ համադրելէ ետք զանոնք, որոշեցին փոխանցել Սուրբ Աթոռոյ Կեդրոնական Կրօնական ժողովին, որպէսզի ըստ այնմ, Վեհափառ Հօր նախագահութեամբ, անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարէ եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու հաստատումով աւելի յստակ կերպով եւ միաձեւութեամբ ի կատար ածուին բոլոր Թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:
Յայտնենք նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը երկար տեւողութեամբ առցանց հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ լսեցին անոր առաջնորդող մտածումները, զորս իբրեւ ուղեցոյց ընկալուեցան Առաջնորդ Սրբազաններու կողմէ, որոնք, իրենց կարգին, զանոնք պիտի փոխանցեն իրենց շրջաններու Ազգային վարչութեանց եւ Կրօնական ժողովներուն, որպէսզի միասնական ջանքերով գործադրուին, յանուն Թեմերու առողջ գործունէութեան, եկեղեցական կեանքի յաւելեալ շէնացման, հայ ազգի զաւակներու հոգեւոր ու ազգային կեանքի առաւել պայծառացման: