Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄԸ ՀՐԱՒԷՐ ՄԸՆ Է ՀԱՅՈՒՆ»

Զատկուան տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. նամակ մը ուղղած է թեմակալ առաջնորդներուն, ուր զուգահեռ մը կ՚ընէ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան եւ պատմութեան ընթացքին Եկեղեցւոյ տոկունութեան միջեւ։

«Արդարեւ», կը գրէ Վեհափառ Հայրապետը, «մահուան վրայ յաղթանակ տարած յարութեան հաւատքով եկեղեցին մնաց տոկուն պատմութեան սպառնալիքներուն դիմաց, եւ դարձաւ աղբիւր՝ հոգեմտաւոր ստեղծագործութեան, փրկութեան լաստ՝ մահուան եզրին գտնուող ժողովուրդներուն, զօրեղ վահան՝ ազատագրական պայքարի լծուած ազգերուն, դարձաւ երաշխիք՝ մարդու յարութեան»։

Քրիստոսի յարութիւնը «հրաւէր մըն է հայուն, վերանորոգելու յարութեան յաղթանակով շաղախուած իր հաւատքը՝ յատկապէս ահաւոր տագնապներով լեցուն մեր պատմութեան ներկայ ժամանակներուն»։

Պատգամին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ կ՚ըսէ, թէ Քրիստոսի յարութիւնը նաեւ հրաւէր մըն է «մեր եկեղեցւոյ, ամուր յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի տառապալից կեանքին մէջ պատգամաբերը դառնալու Աստուծոյ Որդւոյն յաղթական յարութեան»։

Նամակը կը յիշէ Պօղոս Առաքեալի առաջին նամակը կորնթացիներուն՝ «եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզոչութիւնը, զուր է նաեւ մեր հաւատքը» (Ա. Կր. 15.14)։ Քրիստոնէական հաւատքը խարսխուած է Քրիստոսի յարութեան վրայ, ինչպէս եւ եկեղեցւոյ վկայութիւնն ու հզօրութիւնը, որ կոչուած է այդ առաքաելութիւնը ժողովուրդի կեանքին մէջ կենսագործելու, կ՚ըսէ Վեհափառը։