Կաթողիկոսարանէն

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ՕՐՀՆԷ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով ողջունեց հոծ թիւով հաւատացեալները, ի մասնաւորի երիտասարդ ընտանիքները, որոնք համախմբուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը տօնախմբելու մեր Փրկչին՝ Քրիստոսի յաղթական մուտքը խորհրդանշող Ծաղկազարդը։

Կիրակի, 2 Ապրիլին, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան մատուցեց Ս. Պատարագը եւ Մայր Տաճարի ղօղանջներուն ներքոյ մանուկներու թափօրը գլխաւորեց։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի պատշգամէն Հայրապետական պատգամով ողջունեց բազմահազար հայորդիները.

«Սա ի՜նչ ոգեշնչող տեսարան է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։ Մեր ժողովուրդի զաւակները, հակառակ երկրէն ներս տիրող տնտեսական ու ընկերային տագնապին, հաւատքի մղումով այսօր եկած են Աստուծոյ տունը, մեր ազգին տունը, որպէսզի միասնաբար ողջունենք Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ։ Սա պահուն, ձեր բոլորին աղօթքներուն թարգմանը կ՚ըլլամ, երբ Երուսաղէմ մուտք գործող մեր Տիրոջ ուղղելով իմ աղօթքս՝ կ՚ըսեմ.- «ո՜վ Տէր, եկուր եւ ծազկազարդէ մեր ազգին կեանքը։ Ծաղկազարդէ մեր ազգին կեանքը երկնային բարիքներով, շնորհքներով ու պարգեւներով։ Ամրապնդէ մեր ազգին սէրը ու միասնականութիւնը, ամէ՛ն տեղ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ։ Ո՜վ Տէր, Արցախը շրջապատող ամէն տեսակ շղթաները քանդէ՛ Քու Աստուածային զօրութեամբդ։ Հեռացուր Հայաստանի սահմաններէն անոնք, որոնք կը փորձեն հարցականի տակ առնել մեր հայրենիքին գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը։ Ո՜վ Տէր, մեր կեանքը ամէն տեղ եւ մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն կեանքը լեցուր իմաստութեամբ ու առողջութեամբ։ Թող մեր կեանքէն հեռանայ ամէն տեսակ չարիք եւ մեր կեանքը լեցուի Աստուածային օրհնութեամբ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։

Պատգամէն ետք, հաւատացեալները միաձայն երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց մանուկները եւ իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը բաշխեց անոնց։

Կաթողիկոսարանի կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները յանձն առած էին Մարավանքի շրջափակին զարդարանքները, ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն համար նախատեսուած նուէրները։