ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 21 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս)։ Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուծոյ հետ մնայուն հաղորդակցութիւն ունենալու հրամայականին, որով կը վայելենք Իր ներկայութիւնը հակառակ աշխարհէն մեզի հրամցուած ամենէն դժխեմ պայմաններուն։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Սրբազան Հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։ Քաջալերեց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն․ Շիթիլեանը, հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Թանիա Ղարիպեանը եւ ծխականները, իրենց յարատեւ անձնուիրութեան համար, որոնելով նորանոր միջոցներ՝ կանգուն պահելու համայնական կեանքը։ Պարգեւատրուեցան Գլօտիա Մուրատեան-Պրուպաք եւ Վարդան Տէրունեան՝ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։