ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Ուրբաթ, 19 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին, տեղի ունեցաւ երիտասարդական հարցերու քննարկում մը, որուն ընթացքին խօսք առին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) երեք երիտասարդ ծխականներ՝ Ռոստոմ Մկրտիչեան, Լոռի Սիմոնեան եւ Մարալ Զօպեան։ Անոնք անդրադարձան հայ երիտասարդներու եւ Եկեղեցւոյ փոխյարաբերութեան, դիտել տալով, որ իրենց հասակակիցները խանդավառ չեն հաւատքի նկատմամբ շարք մը պատճառներով, որոնց կարգին թուարկեցին տարեկիցներու պակասը եկեղեցական համայնքին մէջ, քրիստոնէական արժէքներով մեծցած չըլլալը, այլ զբաղումներու կամ շահագրգռութիւններու գրաւչութիւնը եւ Ս. Պատարագի արարողակարգէն բխող երկիւղի զգացումը։
Բանախօսները առաջարկեցին ջանքեր համադրել այլ երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ։ Անոնց հայեացքով, երիտասարդները դէպի եկեղեցի հրապուրելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը ընկերներով յաճախելու առիթներ ստեղծելն է։ Այս ուղղութեամբ, թելադրեցին «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութեան խմբակներու նմանող չափահաս երիտասարդներու խումբի մը կազմութիւնը։
Վերջին տասնամեակին, լիովին փոխուած են երիտասարդներու յարաբերելու ձեւերը աշխարհի հետ։ Հաւանաբար, այլապէս անմատչելի չափահաս երիտասարդներու հասնելու լաւագոյն միջոցը ընկերային ցանցերն են։ Երիտասարդ բանախօսները նաեւ խորհրդածեցին արգելքներու եւ կարելի լուծումներու մասին, համաձայն գտնուելով, որ յարատեւ ճիգ կը պահանջէ չափահաս երիտասարդները քրիստոնէական հաւատքին մերձեցնելու աշխատանքը։