Առաջնորդարանէն

ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԴՐՕՇԱԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 28 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք),  առաջին անկախութեան 105ամեակին առիթով, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի, Թրոյի (Նիւ Եորք) այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի, եւ խորանի ծառայողներու:

Ս. Պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն ինկած հերոսներուն եւ Արցախի պայքարի մերօրեայ նահատակներուն համար։