ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈՆԹՐԷԱԼ
Ինչպէս հաղորդած էինք, 1-15 Յունիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հովուապետական այցելութիւն մը կը կատարէ Գանատայի Թեմին։ Մոնթրէալ ու Լաւալ (Քէպէք) այցելութեան առաջին օրերուն, Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին միացաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։
Հինգշաբթի, Յունիս 1ի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս սկսաւ իր այցելութիւնը «Հրաշափառ» շարականով մուտք գործելով Մոնթրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցին, Մոնթրէալ, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք եւ Աջահամբոյր։ Բարի գալուստի խօսք կատարեց Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Ուրբաթ, 2 Յունիսի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուր, ՀՕՄ-ի Ծաղկոց, «Սարաֆեան» նախակրթարան եւ «Բասդրմաճեան» երկրորդական վարժարան։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ այցելեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրատունը։ Երեկոյեան, Վեհափառը մուտք գործեց Ս. Գէորգ եկեղեցի (Լաւալ) «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ։ Տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս բարի գալուստ մաղթեց։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր։
Շաբաթ, 3 Յունիսի երեկոյեան, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Լաւալի (Քէպէք) Bon Pasteur եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագին հրաւիրուած էին Հռոմէական Կաթոլիկ, Ուղղափառ, Անկլիքան, Մարոնի, Յոյն Կաթոլիկ եկեղեցիներու, ինչպէս եւ Լաւալի եւ Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայ եւ նախկին հովիւներ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու պատուոյ հիւպատոսը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Օտար հոգեւորականները իրենց բարի գալուստի խօսքերը արտասանեցին։ Այնուհետեւ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ողջունեց ներկայութիւնը բոլոր հոգեւորականներուն եւ հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որ իր Հայրապետական պատգամը տայ։
«Մենք կը պատկանինք Քրիստոսի եկեղեցւոյ։ Միջ-եկեղեցական շարժումին միջոցաւ միասին ըլլալու գիտակցութիւնը պէտք է խորանայ մեր մէջ։ Այսօր մենք կ՚ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մէջ, ուր բաժանումի պատեր չկան այլեւս։ Երկխօսութիւնը վերացական ըմբռնում չէ, այլ մաս կը կազմէ մեր առօրեայ կեանքին։ Մենք ո՛չ միայն կը համագոյակցինք, այլ միասին կ՚ապրինք՝ դիմագրաւելով նոյն տագնապներն ու մարտահրաւէրները։ Հետեւաբար, զանազանութեամբ յատկանշուող ներկայ ընկերութեան մէջ, պէտք է յարգենք ուրիշներուն աւանդութիւններն ու ըմբռնումները, միշտ նկատի ունենալով ընկերութեան ընդհանրական սկզբունքներն ու արժէքները», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Պատգամէն ետք, հոգեւորականները բարձրացան Ս. Խորան եւ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կատարուեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք։
Կիրակի, 4 Յունիսի երեկոյեան, Մոնթրէալի Plaza Volare սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկայ էին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Հայաստանի դեսպան՝ տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս՝ Լեւոն Աֆէեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ՝ բժ. Ժիրայր Պասմաճեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ տիկ. Ծովիկ Թերզեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչները։
Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ։ Խօսք առին դեսպան տիկ. Յարութիւնեան եւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։ Ճաշկերոյթին նաեւ գնահատուեցան կարգ մը ազգայիններ, որոնք երկար տարիներէ կը ծառայեն Մոնթրէալի համայնքին, Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ շքանշան ստանալով։