Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 6 Յունիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, երկու կողմերը քննարկեցին Արցախի վիճակը, անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքի շրջափակումը վերացնելու անհրաժեշտութեան եւ Գանատայի դիրքորոշման՝ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) միջոցաւ խաղաղ եւ արդար լուծման մասին, որ հիմնուած է Հելսինքիի համաձայնագրի սկզբունքներուն վրայ, ներառեալ՝ ինքնորոշման իրաւունքը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ վարչապետ Թրուտօ նաեւ քննարկեցին հայ-գանատական յարաբերութիւնները, Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն վերաբերող խնդիրներ եւ խաղաղ գոյակցութիւն ու կրօններու միջեւ երկխօսութիւն զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Գանատայի Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսը եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանը։