Հայ լեզուի անկիւնը

ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ

Անգլերէնի լատինական ու գերմանական արմատներով բառերը, որոնք երեւութապէս հոմանիշ են, իրականութեան մէջ իմաստային նրբերանգներ ունին։

Այսպէս՝ hatred (գերմանական արմատ) եւ odium (լատինական) բառերուն միջեւ տարբերութիւն մը կայ։ Առաջինը երկար ժամանակի վրայ զգացում մըն է, մինչ odium անմիջական պատասխան մը կ՚ենթադրէ յատուկ բան մը։ Առաջինը հայերէն ատելութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ նողկանքը։  Կը նկատենք, որ odiumի իմաստը զարգացած է, քանի որ սկզբնապէս պէտք է նշանակած ըլլար… «ատելութիւն»։

Արդարեւ, լատիներէն odium բառի աղբիւրը մայր հնդեւրոպական լեզուէն եկած *od-io («ատելութիւն») բառն է, իսկ *odi («ատել») բայէն ունինք լատիներէն odi եւ հայերէն ատել բայերը։

Ուշադրութեան արժանի է, որ հայերէն ատել բայը ատ արմատը եւ –ել լծորդութիւնը կը համադրէ, իսկ ատելութիւն գոյականը կազմելու համար քով-քովի բերուած են ատել արմատը եւ –ութիւն մասնիկը։ Միեւնոյն սկզբունքով, ուտել բայէն կը բխի ուտելիք գոյականը։

Աշխարհաբարը, ինչպէս բազմաթիւ այլ պարագաներու, գրաբարին կը դիմէ բարդ բառեր կազմելու։ Ատել բայի գրաբարեան ատեամ ձեւէն ածանցուած է ատեաց ձեւը, որուն միայն կը հանդիպինք բարդ բառերու մէջ։ Օրինակ՝ մարդկութիւնը չսիրող մէկը մարդատեաց է (misanthrope), իսկ կիները չսիրող մէկը՝ կնատեաց (misogynist)։

Բայց քանի որ վախը կը գումարուի ատելութեան, յունարէն phobos («վախ») արմատը, որ կարգ մը անգլերէն բառերու մէջ մտած է, երբեմն ատեաց հայերէն արմատով կը թարգմանուի։ Այսպէս է, օրինակ, օտարատեաց (xenophobe) բառի պարագան։

Մէկ խօսքով, նոյնիսկ եթէ անգլերէն odium սովորական խօսակցական լեզուի մաս չի կազմեր, ան չի դադրիր ցեղակից ըլլալէ ատել բառին հետ։