«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄՆ ՈՒ ԱՋԱԿԻՑՆԵՐԸ՝ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ
Անցեալ 2-9 Յուլիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանը, որ կը գործէ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովամաւորութեամբ, շուրջ 100 ժամուան ուսումնական ծրագիր ներկայացուց 38 մասնակիցներուն, որոնք հինգ մակարդակներու բաժնուած էին։
Առաւօտեան կրօնական արարողութենէն եւ ճաշէն ետք, աշակերտները հետեւեցան 50 վայրկեան տեւողութեամբ երեք դասապահերու։ Ընթրիքէն ետք, անոնք քննարկումներ կը կատարէին հոգեւորականներու եւ աշխարհական դասատուներու ետք, որմէ ետք տեղի կ՚ունենար Ս. Գիրքի սերտողութիւն տարիքային երեք խումբերու համար։ Ուսումնական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ՝ ներածութիւն Հին եւ Նոր Կտակարաններու, Հայց. Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներըյ, Հայց. Եկեղեցւոյ տօներն ու սուրբերը, Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու հաւատամքը, աղօթք եւ պաշտամունք, բարոյագիտական ու բարոյախոսական հարցերու քննարկումներ եւ Ս. Գիրքի սերտողութիւններ։ Ամէնօրեայ առաւօտեան եւ երեկոյեան արարողութիւններ ալ տեղի կ՚ունենան՝ 20-25 վայրկեանի տեւողութեամբ (Գիշերային-Առաւօտեան, Արեւագալի եւ Հսկումի արարողութիւններ)։
Օրական ժամանակացոյցը նաեւ մարզախաղերու զուարճութեան բաժինը ունէր, ներառեալ՝ վոլէյպոլ, ֆութպոլ, պասքէթպոլ, պօուլինկ, լող եւ նաւակարշաւ։
Այս յայտագիրը կ՚իրականանայ շնորհիւ Ազգային Առաջնորդարանի, դասատուներու, խորհրդար աններու, ծուխերու, ծնողներու եւ «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի բարեկամներու եւ աջակիցներու գործակցութեան։ Այս տարուան անձնակազմը բաղկացած էր հետեւեալ անձերէն. Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան (տեսուչ), Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան (Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ), Բարշ. Տ. Յարութ Սրկ. Թագւորեան (խորհրդական), երէցկին Մակի Գույումճեան (դասատու եւ խորհրդական), Նայիրի Պալճեան, Անուշ Գույումճեան (դասատուներ եւ խորհրդականներ), Նշան Գույումճեան (խորհրդական), Թալին Լագիսեան (խորհրդական), Թամար Լագիսեան (խորհրդական) եւ Աննա Թէքէեան (խորհրդակսն)։
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն ծուխերուն, որոնք կրթաթոշակներ յատկացուցած են եկեղեցւոյ ծառայող մասնակիցներու, ինչպէս եւ այն անձերուն, որոնք նուիրատուութիւններ կատարած են ի նպաստ լսարանին. Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Ընկերակցութիւն, ՀՕՄի «Անի» մասնաճիւղ (Փէնսիլվէնիա), ՀՕՄի «Արտեմիս» մասնաճիւղ (Փէնսիլվէնիա), տէր եւ տիկ. Վարդան Սրկ. Գարաքէլեան, Յովիկ Սրկ. Չափանեան, տէր եւ տիկ. Յովհաննէս Շմաւոնեան, Մարիանա Խուտիկեան եւ Թամար Լագիսեան։ Լսարանը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վահան Քհն. եւ երէցկին Մակի Գույումճեաններուն իրենց սիրայօժար նուիրատուութիւններուն եւ լսարանի շապիկի հովանաւորութեան համար։
Գալուստ Գարաքէլեանի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի տնօրինութեամբ, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները յատկացուած էին «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին։ Այդ գումարով, «Տաթեւ» հիմնադրամը ստեղծուած է։ Այս հիմնադրամին նուիրատուութիւններ ընել փափաքողները իրենց գումարները կրնան ուղարկել Ազգ. Առաջնորդարանին, վճարագիրները գրելով Datev Instituteի անունին։
Շնորհակալութեան յատուկ խօսքի արժանի են տէր եւ տիկ. Վիքթոր Սարգիսեան, որոնք լսարանին կարեւոր գումար մը նուիրեցին ի յիշատակ իրենց բարեկամուհիին՝ տիկ. Աստղիկ Գազանճեանին, որ ծանօթ էր իբրեւ «Տաթեւի կնքամայրը» եւ աւելի քան 25 տարի լսարանի անսակարկ բարերարն ու աջակիցն էր։
Լսարանը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանին եւ հոգաբարձութեան, որոնք լսարանի մասնակիցները հիւրընկալեցին Կիրակի, 9 Յուլիսին։
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի 38րդ տարեշրջանի դասերը տեղի պիտի ունենան 30 Յունիս-7 Յուլիս, 2024ին։ Կը խնդրենք մեր բոլոր ծուխերէն, հովիւներէն եւ ծնողներէն, որ քաջալերեն մեր պատանիները մասնակցելու քրիստոնէական դաստիարակութեան այս եզակի ծրագրին։