ԷՌՆԵՍԹ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ (ծնունդ՝ 10 Օգոստոս, 1916)
Գրեթէ ութսուն տարի առաջ, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին հերոսութեան անհաւատալի դրուագ մը Էռնեսթ Տէրվիշեանը արժանի դարձուցած է Միացեալ Նահանգներու զինուորական բարձրագոյն շքանշանին՝ Պատուոյ մետալին։
Տէրվիշեան ծնած է 10 Օգոստոս, 1916ին Ռիչմոնտ քաղաքին մէջ (Վըրճինիա)։ Ստացած է Երուանդ անունը։ 1933ին աւարտած է քաղաքի «Ճոն Մարշըլ» միջնակարգ դպրոցը։ 1937ին յանձնելով նահանգի քննութիւնները ստացած է իրաւագիտութեան Պսակաւոր Արուեստից աստիճան Ռիչմոնտի համալսարանէն։ Սեպտեմբեր 1941ին զինուորագրուած է եւ վերապատրաստուած է Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ։ 1942-1943ին մասնակցած է Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Թունուզի զինարշաւին, անձնակազմի յիսնապետի աստիճանին բարձրանալով 34րդ զօրաբաժնին մէջ։
Սեպտեմբեր 1943ին Իտալիա ցամաք ելլելով, 34րդ զօրաբաժինը ուղարկուած է Անցիօ, ուր դաշնակից զօրքերը շրջապատուած էին Յունուար 1944ին ցամաք ելլելէ ետք։ 23 Մայիս 1944ին, Տէրվիշեան գլխաւորած է չորս հոգինոց խմբակ մը, որ պահակութեան ելած է։ Սիսթեռնա քաղաքին մօտ, խմբակը գերմանական գնդացիրներու թաքստոցներու հանդիպած է։ Իր զինուորներու ծածկոյթին ապաւինելով, Տէրվիշեան շարժած է թշնամիի ուղղութեանբ եւ տասը զինուոր ձերբակալած է։ Մօտակայ միւս թաքստոցներէն, իր մարդիկը տասնհինգ հոգի եւս բռնած են։ Նշմարելով, որ ինը գերմանացի զինուորներ կը փորձէին փախուստի դիմել, խումբը կրակ բացած ու երեք հոգի վիրաւորած է, մինչ Տէրվիշեան վազած ու ձերբակալած է մնացեալ գերմանացիները։
Ձերբակալեալները ղրկուած են յետսակողմը, իսկ չորս զինուորներ եկած են միանալու իրենց ընկերներուն, որոնք յառաջացած ու մտած են գերմանացիներու գրաւած այգի մը։ Ուրիշ գնդացիրներ կրակ բացած են իրենց վրայ։ Տէրվիշեան բոլորի գլուխը կը գտնուէր։ Շուրջ 10 վայրկեան անշարժ մնացած է, մինչեւ որ գնդացրորդները դադար առած են փամփուշտները բեռնելու համար։ Հայ զինուորը առիթէն օգտուած եւ նռնակով ու իր հրացանով հասած է գնդացրին տեղը՝ գերի բռնելով չորս հոգինոց անձնակազմը։ Երբ երկրորդ գնդացիր մը կրակ բացած է, իր զինուորներուն հրամայած է նահանջել, մինչ ինք ցատկած է իր ձեռք բերած գնդացրին վրայ եւ կրակ բացած է։ Երբ երրորդ գնդացիր մը սկսած է կրակել, Տէրվիշեան փոխադարձած է միաժամանակ երկրորդ գնդացիր մը գործածելով։ Երկու ձեռքերով տարբեր ուղղութիւններու կրակելով, իւրաքանչիւր դիրքի հինգական գերմանացի զինուորներու պարտադրած է յանձնուիլ։ Առանձինն յառաջանալով, երրորդ գնդացիրի դիրք մը գրաւած եւ վեց այլ գերիներ բռնած է։ Շուրջ 25 վայրկեան տեւած կռիւին ընթացքին, Տէրվիշեան եւ իր զինուորները ձեռք բերած են երեք գնդացիրներ, սպաննած են բազմաթիւ թշնամիներ եւ ընդամէնը 54 գերմանացի գերիներ բռնած են։
Յունիս 1944ին Հռոմի ազատագրութեան մասնակցելէ ետք, Յուլիսին Տէրվիշեան մարտադաշտի վրայ Բ. տեղակալի աստիճանը ստացած է։ 1944ին իր քաջարի արարքներուն համար, ստացած է ամերիկեան զինուորական ամենաբարձր շքանշանը՝ Պատուոյ մետալը, 12 Յունուար 1945ին։ Իր ծննդավայրը՝ Ռիչմոնտը, ուր կարճ ժամանակով վերադարձած է, Փետրուար 1, 1945ին, զինք պատուած է «Տէրվիշեանի օր»ուան նշումով։ Օրուան նշումը ընդգրկած է նահանգապետին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ ձեռնարկ մը եւ տողանցք մը, որուն ներկայ եղած է 30.000 հոգի։ Մեծարուած է քաղաքի հայ համայնքին, իրաւաբանական ընկերակցութեան, առեւտրական պալատին եւ Ռիչմոնտի համալսարանին կողմէ։
Տէրվիշեան զօրացրուած է Նոյեմբեր 1945ին Ա. տեղակալի աստիճանով եւ վերադարձած՝ փաստաբանական գրասենեակ իր եղբօր հետ։ 1946-1947ին, Ամերիկեան լեգէոնի փոխհրամանատար եղած է, իսկ 1947-1959ին՝ նահանգային օգնական դատախազ։ Ամուսնացած է 1950ին Անն Կարուկեանի հետ եւ ունեցած՝ երեք դուստր։ Բանակի պահեստին մէջ ծառայած է մինչեւ 1968ին, երբ հանգստեան կոչուած է գնդապետի աստիճանով։ Սեպտեմբեր 1972ին, մաս կազմած է Վըրճինիա 35 նշանաւոր բնակիչներու խումբին, որ մեծարուած է նահանգապետին կողմէ ամերիկեան մակարդակի աչքառու իրագործումներու համար։ Էռնեսթ Տէրվիշեան մահացած է 20 Մայիս, 1984ին, Ռիչմոնտի մէջ, ուր թաղուած է 23 Մայիսին՝ իր քաջագործութեան 40ամեակի օրը։