ԱՆԴԱՍՏԱՆԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 6 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Ս. Պատարագին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն․ Նազարեան։ Սրբազան Հայրը քարոզեց, օրուան Աւետարանի ընթերցումին ընդմէջէն վեր առնելով հետեւել երեք կէտերը․
Ա․ Անդամալոյծին պատգարակը կրող չորս անձերուն անտեղիտալիութիւնը, հակառակ իրենց դէմ ցցուած դժուարութեանց։
Բ․ Քրիստոսի սքանչացումը ի տես անոնց ցուցաբերած հաւատքին եւ կամքին, որով Աստուծոյ խնամքին կը յանձնէին նման անբուժելի պարագայ մը։
Գ․ Մեղքերու թողութեանց հրամայականը նախ քան մարմնական բուժումը։
Սրբազան Հայրը այս երեք կէտերը առօրեայ մեր կեանքին մէջ թարգմանելով, յայտնեց, թէ մենք եւս երբեք պէտք չէ տեղի տանք առօրեայի մեր դէմ ցցուած բոլոր դժուարութեանց, Աստուծոյ նախախնամութեան վստահելով անկարելի թուացող պարագաներ, միաժամանակ միշտ ինքնաքննութեան ենթարկելով մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի սխալները, մեղքերը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ դաշտահանդէսի ընթացքի տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն, որուն մասնակցեցան շրջանի հոգեւորականներէն Գերպ. Տ. Արտակ Ծ․ Վրդ․ Արապեան՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա․ Քհն․ Պաղսարեան՝ նախկին հոգեւոր հովիւ Նորթ Էնտովըրի (Մէսէչուսէթս), Փրաւիտընսի եւ Թրոյի (Նիւ Եորք) գաղութներուն, Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն․ Շիթիլեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս), եւ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս)։
Սրբազան Հայրը, շեշտելով հաւատքի կողքին աւանդութեանց կարեւորութիւնը, ըսաւ թէ սուրբ գրային արմատներ ունեցող այս արարողութիւնը այնքան այժմէականութիւմն ունի իր մէջ, որովհետեւ մեր վայելած անհուն բարիքներուն ընդմէջէն մենք կը տեսնենք աշխարհի չորս ծագերուն, մանաւանդ արցախեան հայրենիքի մեր ժողովուրդի անպատմելի զրկանքը տարրական սննդանիւթերէ, ո՛չ թէ բնութեան աղէտներու, այլ մարդկային քարսրտութեան հետեւանքով։ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որպէսզի արդարութեան պահանջքի կողքին բարեգործութեան եւ աղօթքի միջոցաւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեն Արցախի մեր ազգակիցներուն։
Հոգեպարար արարողութիւնները փակուեցան «Կիլիկիա» երգով։