Տօներ

ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ

Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Աստուածածնի Ծնունդը։ Աստուածամօր ծնունդը յիշուած չէ Աստուածաշունչին մէջ. անոր նկարագրութիւնը մեզի հասած է այլ գրութիւններու ճամբով, որոնք Նոր Կտակարանի մաս չեն կազմեր։ Ըստ աւանդութեան, Յովակիմն ու Աննան հաւատարիմ ու բարեպաշտ անձեր էին, որոնք կը սպասէին խոստացուած Մեսիայի գալուստին։ Տարեց ու անզաւակ ամուսինները աղօթեցին Աստուծոյ՝ զաւակի մը խնդրանքով, եւ օրհնուեցան դուստրով մը, զոր կոչեցին Մարիամ եւ որ դարձաւ Մեսիայի մայրը։