ԱՐՄԷՆ ԳՈՒԼԱԿԵԱՆ (մահ՝ 22 Սեպտեմբեր, 1960)
Արմէն Գուլակեան անցեալ դարու առաջին կէսին Հայաստանի թատերական կեանքի աչքառու անուններէն մէկը եղած է։
Բուն անունով Արամ Գուլակեան, ծնած է 1 Նոյեմբեր, 1899ին, Թիֆլիս, արհեստաւորի ընտանիքի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է քաղաքային տարրական դպրոցին մէջ։ Այնուհետեւ, մտած է Ներսիսեան դպրոց, զոր աւարտած է 1921ին։ 1918-1919ին ուսանած է դերասաններ Ամօ Խարազեանի եւ Օվի Սեւումեանի աշխատանոցներուն մէջ, իսկ 1921-1924ին՝ Մոսկուայի հայկական տրամաթիք աշխատանոցին մէջ։ 1925ին Թիֆլիս վերադառնալով, Ա. Գուլակեան մտած է հայկական թատրոն, սկիզբը իբրեւ մասնագիտական, ապա՝ իբրեւ երկրորդ բեմադրիչ։ Ան փորձած է կազմակերպել ինքնուրոյն թատրոն-աշխատանոց Մոսկուայի աշխատանոցի այն շրջանաւարտներէն, որոնք Թիֆլիս կը գտնուէին, բայց յաջողած չէ։
Առողջական խնդիրներու պատճառով, Գուլակեան ստիպուած եղած է Դիլիջան փոխադրուիլ 1926 թուականին։ Կազմակերպած է «Երեւանի բանուորական շրջիկ թատրոն»ը Դիլիջանի մէջ, որուն բեմագիրները ինք գրած ու բեմադըած է, մասնակցելով նաեւ իբրեւ դերասան։
Առողջական վիճակի բարելաւումէն ետք, Գուլակեան տեղափոխուած է Երեւան եւ ընդունուած՝ Առաջին պետթատրոն (1937ին վերանուանուած՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոն)։ 1927էն սկսեալ, եղած է թատրոնի բեմադրիչ, իսկ 1930-1938 եւ 1944-1953 թուականներուն՝ գլխաւոր բեմադրիչ։ Անոր գլխաւոր բեմադրութիւններէն եղած են Սունդուկեանի «Խաթաբալա (1927), «Պէպօ» (1929, 1935, 1948) եւ Շէյքսփիրի «Մաքպէթ» (1933) թատերախաղերը, ուր Գուլակեան յաջողած է ստեղծել բեմական հետաքրքրական կացութիւններ եւ իր սեփական մտայղացումը բացայայտել։
1938ին Գուլակեան գործի անցած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէթի ակադեմական թատրոնը իբրեւ գլխաւոր բեմադրիչ, այդ պաշտօնը վարելով 1938-1945 եւ 1958-1960 թուականներուն։ Հոն բեմադրած է Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ»ն ու «Դաւիթ Բէկ»ը, Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.»ը, Ժորժ Պիզէի, Ճուզեփփէ Վերտիի, Ճաքոմօ Փուչինիի եւ ուրիշներու օփերաները։ Կարճ ժամանակով, 1955-1956ին Ստանիսլաւսկիի անուան ռուսական թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչը եղած է։
Վաստակաւոր բեմադրիչը 1940ին Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի տիտղոսը ստացած է, իսկ 1946ին ու 1950ին Հայաստանի պետական մրցանակի (այդ ժամանակ՝ Ստալինի անունով) երրորդ աստիճանի դափնեկիր եղած է։
Գուլակեան գրած ու բեմադրած է շարք մը թատերախաղեր, դերեր խաղացած է «Նամուս» (1925) եւ «Պէպօ» (1935) շարժանկարներուն մէջ, իսկ 1944էն սկսեալ դերասաններու եւ բեմադրիչներու խումբեր ղեկավարած է Երեւանի պետական գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ։
Մահացած է 22 Սեպտեմբեր, 1960ին, Երեւանի մէջ, ուր փողոց մը իր անունը կը կրէ։