Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՆՈՅԵՄԲԵՐ Ը. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 22:15-25

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:17-21

Չկայ ծածուկ բան՝ որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ: Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կ’ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի:

Յիսուսի մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց խուռն բազմութեան պատճառով չկրցան իրեն մօտենալ: Լուր տուին իրեն, ըսելով.

Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ’ուզեն քեզ տեսնել:

Յիսուս ըսաւ.

Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն:

 

ՆԱՄԱԿ ԵՓԵՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-14

Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Քրիստոս Յիսուսի առաքեալը, կը գրեմ Եփեսոս բնակող եղբայրներուդ, Քրիստոս Յիսուսի հաւատացողներուդ: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:

Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ: Անիկա աշխարհի գոյութենէն իսկ առաջ մեզ ընտրած էր՝ Քրիստոսի միջոցաւ իրեն պատկանելու համար, որպէս սուրբ եւ անարատ ժողովուրդ, եւ իր սիրով մեզ նախասահմանեց՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով իր որդիները ըլլա­լու, որովհետեւ ա՛յդ էր իր կամքը եւ ծրագիրը:

Ուստի գովենք զինք այն փառքին համար, որ մեզի շնորհեց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ: Արդարեւ, անով փրկուեցանք եւ անոր արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք: Որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը, որ առատօրէն տուաւ մեզի՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ: Որովհետեւ իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած իր ծրագիրը, որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի: Եւ այդ ծրագիրը սա է, որ երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնին, Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ:

Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան: Աստուած, որ ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագրին ու կամքին, անով առաջուց հրաւիրեց մեզ՝ իր փառքը գովերգելու. մենք՝ որ Քրիստոսի յուսացողներուն առաջիններէն եղանք: Դուք ալ, երբ լսեցիք ճշմարիտ քարոզութիւնը, այսինքն Աւետարանը որ ձեզի փրկութիւն բերաւ, հաւատացիք Քրիստոսի եւ խոստացուած Սուրբ Հոգիով կնքուեցաք: Եւ Սուրբ Հոգին գրաւական է, թէ պիտի ժառանգենք Աստուծոյ խոստումը, երբ Աստուած պիտի փրկէ իր սեփական ժողովուրդը, որպէսզի իր փառքը գովերգենք: