Երբ Դրախտը Դարձաւ Դժոխք․․․Արհաւիրքի Եօթը Տարիներ 1915-1922, Սեդրաք Պաղտոյեան (թղթակազմ)
$20.00
In stock
Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողի այս վկայութեան հեղինակը՝ Սեդրաք Պաղտոյեան, 17 տարեկան էր 1915ին եւ կը պատկանէր վերապրողներու այն փաղանգին, որ հասուն տարիքի հասած է 1930ական թուականներուն եւ ատկէ ետք միայն ի վիճակի եղած է իր ապրումները գրի առնելու։ Պաղտոյեան գրական եւ ուսուցչական երկարամեայ վաստակ մը ունեցած է, սակայն իր գրական գործերը մեծ մասով մնացած են անտիպ մինչեւ կեանքի վերջին տարիներուն։ Այս վկայութիւնը հրատարակութեան պատրաստած է Մարկ Նշանեան, որ իր ընդարձակ յառաջաբանին մէջ կը գրէ.
«Այս հակիրճ նշումները կը թելադրեն մէկ բան. որ Պաղտոյեանի Տարագրութեան յուշերը պէտք է կարդալ որպէս գրական արտադրութեան մէկ մասնիկը։ Առնուազն պէտք է հարցնել թէ ի՞նչ յարաբերութեամբ իրարու կը կապուին յուշագրութիւնը եւ գրականութիւնը հեղինակի գրչին տակ։ Ճիշդ ինչպէս ըսի, որ հեղինակին գործերուն մեծ մասը իր կենդանութեան մնացած է անտիպ։ Բայց միւս կողմէ՝ իր տետրակներուն մէջ կը հանդիպինք յստակ նշումներու, որոնց համաձայն՝ այդ գործերը կը պատրաստուէին հրատարակութեան համար։ Հեղինակը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ սպասման վիճակի մէջ գտնուած է այսպէս։ Անդադար մշակած ու վերամշակած է իր գործերը եւ իր յուշերը. իրականութեան մէջ՝ եղած է այդ վերամշակումի գերին»։
Weight | 2.2 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.