Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Կիրակի, 12 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ), առընթերակայութեամբ Գանատայի Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի եւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոսի: Թէ՛ եկեղեցին ու թէ՛ համայնքի սրահը լեցուն էին հաւատացեալներով, որոնք Ս. Պատարագին հետեւեցան ուղիղ սփռումով։

Վեհափառ Հայրապետը, ողջունելէ ետք Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, եւ եկեղեցւոյ պատասխանատու մարմինները, իր պատգամը կեդրոնացուց Քրիստոսի «Ես եմ կեանքը» խօսքին վրայ: Ան ըսաւ, թէ Քրիստոս-կեանքը պէտք է դարձնել կեդրոնը մեր կեանքին, որ իր իմաստը կը կորսնցնէ առանց Քրիստոսի ներկայութեան։ Քրիստոսը ընդունիլ իբրեւ մեր կեանքը կը նշանակէ անոր բերած արժէքներով շաղախուիլ ու իմաստաւորուիլ եւ մեր կեանքին յստակ ուղղութիւն ու նպատակ տալ: Ան շեշտեց, թէ Քրիստոս եղաւ երկրորդ Ադամը. երբ առաջին Ադամը մեղանչած էր եւ եղծած՝ աստուածային պատկերը, երկրորդ Ադամը՝ Քրիստոսը, վերականգնեց աստուածային պատկերը ու դ արձաւ վաւերական մարդու ու ճշմարիտ կեանքի աղբիւր։

Ս. Պատարագէն ետք Նորին Սրբութիւնը, անոր ընկերացող շքախումբն ու ժողովուրդը ուղղուեցան դէպի այն հողամասը, ուր պիտի կառուցուի Ուաշինկթընի նոր եկեղեցին՝ իր յարակից կառոյցներով:

Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին: Այս ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Անդրանիկ Թոսունեան, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, եւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։

Նորին Սրբութիւնը, իր փակման խօսքին մէջ անդրադառնալով իր այցելութեան բնաբանին՝ «հաւատք, համայնք եւ ազգ»ին, անոնց շարքին աւելցուց նաեւ «հայրենիք» եզրը: Ան խօսեցաւ իւրաքանչիւրին իմաստին ու կարեւորութեան մասին եւ շեշտեց ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան հրամայականը, յատկապէս մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական խաչմերուկին: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ իշխանութիւններըժամանակաւոր են, մնայունը հայրենիքն է. անձերը վաղանցուկ են, յաւերժականը արժէքներն են։ Հարկ է կառչիլ մնայունին, յաւերժականին, գերագոյնին եւ ընդհանրականին։ Ան եզրափակեց իր խօսքը կոչ ընելով միացնել մեր ուժերը՝ ի խնդիր Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան ու ամբողջականութեան առաւել ամրացման։

«ՀՐԱՇԱՓԱՌ»Ի ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը, իրեն ընկերացող շքախումբին հետ միասին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ դիմաւորուած էր  հոգաբարձութեան եւ հաւատացեալներու կողմէ «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ։

Կանոնական աղօթքէն ետք, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը, զայն նկատելով օրհնաբեր եւ հոգեւոր վերանորոգման առիթ։ Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներուն փոխանցելու իր Հայրապետական պատգամը։

Իր խօսքին մէջ, Վեհափառը շեշտեց եկեղեցին Աստուծոյ տունը ըլլալու իրողութիւնը եւ թելադրեց հաւատացեալներուն, որ այս ըմբռնումով մօտենան եկեղեցւոյ։ Ան ըսաւ, թէ եկեղեցին վայր մը չէ, ուր կ՚երթանք պարզապէս ներկայ գտնուելու ծիսական արարողութեան մը, այլ Աստուծոյ տունն է, որուն անդամներն ենք։ Հետեւաբար, մենք ո՛չ միայն գործնապէս մասնակից պէտք է դառնանք եկեղեցւոյ կեանքին, այլ նաեւ մեր գիտակից ու հետեւողական մասնակցութեամբ պէտք է եկեղեցի՛ դառնանք։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր, որուն հետեւեցաւ երիտասարդներու հետ հանդիպում, եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Քաջալերական էր տեսնել մեծ թիւով երիտասարդներու ու անոնց ծնողներուն ներկայութիւնը։

Երիտասարդներուն հետ զրոյցը վարեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեանը, որ Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց իր ունեցած բազմակողմանի փորձառութեանց առընթեր, նաեւ իբրեւ հոգեւոր պետ մը, որ միշտ քաջալերած է ու կը քաջալերէ երիտասարդներու մասնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է երիտասարդութեան հե՛տ խօսիլ եւ ո՛չ թէ միայն թելադրել կամ հրահանգել։ Ան պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Սփիւռքի վերակազմակերպման, Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգման ու առաքելութեան եւ մեր ինքնութեան պահպանման սփիւռքեան դժուարին պայմաններուն մէջ։

Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատական ու քաջալերական խօսքին մէջ հայրական կոչ ուղղեց երիտասարդներուն՝ դառնալու աշխոյժ ու գործօն ներկայութիւն հայ կեանքէն ներս թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ մեր միութիւններուն ճամբով։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակը: Ան շուրջ երկու ժամ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ իր գործակիցներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց կեդրոնին կատարած գործունէութիւնը եւ շեշտեց նոր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն եւ Արցախի ողբերգութենէն ետք ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ: Անհրաժեշտ է միջազգային օրէնքի շրջագիծէն ներս կարեւորութեամբ քննել Արցախին առնչուած երեք հարցեր. ա) Արցախի հոգեւոր ու մշակութային կոթողներու անվթար պահպանումը, բ) արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի հաստատումը եւ գ) վտարանդի կառավարութեան նշանակումը: Կաթողիկոսը վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Հայ Դատի հետապնդման ու պաշտպանութեան լծուած կեդրոնին։

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցելութեան սկիզբէն, Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրակարգին մաս կազմած են Քոնկրէսի նիստին բացման աղօթքը եւ հանդիպումներ ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ 9 Նոյեմբերին, այցելութիւններ Լիբանանի (7 Նոյեմբեր) եւ Հայաստանի (10 Նոյեմբեր) դեսպանատուներուն), եւ դասախօսութիւն մը «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանին մէջ (10 Նոյեմբեր)։

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ «ՃՈՐՃ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբերին, Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանին մէջ, «Կրօնքը Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս»: Դասախօսութեան սրահը լեցուն էր. ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, պետական կառոյցներու առնչուած անձեր եւ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ:

Դասախօսութեան բացումը եւ փակումը կատարեց համալսարանի միջազգային օրէնքի բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արամ Կաւուր, որ երկայացուց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած դերը միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ծիրէն ներս ու անոր ակադեմական խորքը։

Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը ուրուագծեց կրօնքի հետզհետէ աճող ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու մէջ: Ան նաեւ յայտնեց, որ կրօնքը երբեմն ոչ-դրական դեր ունեցած է, հակառակ բարոյական արժէքներու իր ուսուցման, որովհետեւ շահագործուած է քաղաքական կառոյցներու ու գաղափարախօսական վարդապետութիւններու կողմէ:

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը կեդրոնացուց միաստուածեան երեք կրօններուն վրայ եւ յատկապէս անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն. ա) Հաւատքի ու բանականութեան փոխ-յարաբերութիւն. բ) Կրօնք եւ քաղաքականութիւն, գ) Կրօնքի միացուցիչ ու բաժանարար դերը, որ առնչուած է անոր շահագործումին ոչ-կրօնական կառոյցներու կողմէ։

Դասախօսութեան երկրորդ բաժնին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.

1) Միջին Արեւելքի դիմագրաւած տագնապները մեծ չափով արդիւնք են փոխադարձ վստահութեան պակասին, ուր կրօնքը, դժբախտաբար, բացասական դեր ունեցած է։

2) Կրօնքը էական դեր ունի արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար աշխատանքին մէջ։

3) Ժողովրդավարական արժէքներու հաստատման աշխատանքը անհրաժեշտ է, որ համապատասխանէ Միջին Արեւելքի իւրայատուկ իրականութիւններուն ու ըմբռնումներուն:

4) Պայքար արմատական շարժումներուն դէմ, որոնք կը չարափոխեն կրօնքին ուսուցումները:

5) Տագնապներու միասնական դիմագրաւում:

Վերջաբանին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ եբրայական, քրիստոնէական ու իսլամական կրօններու ներկայացուցիչները իրարու կը հանդիպին միջ-կրօնական հաւաքներու ընթացքին Միջին Արեւելքէն դուրս, հարց տալով, թէ ինչո՞ւ անոնք պիտի չհանդիպին խորհրդանշական նշանակութիւն ունեցող Երուսաղէմի մէջ եւ վերանորոգեն հաւաքական արժէքներու ու սկզբունքներու հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը: Ահա՛ մարտահրաւէրը անոնց դիմաց։

ԵՐԵՔ ԹԵՄԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ Առաջնորդներու եւ Ազգային Վարչութեանց դիւաններու հանդիպումը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը։

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց մեր թեմերը վերակենսաւորելու հրամայականը Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրէն ներս։ Կատարեց շարք մը մատնանշումներ եւ թելադրեց անհրաժեշտ ծրագրում կատարել։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջ-թեմական գործակցութեան, կանոնագրութեան, երիտասարդութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այլ մարզերու առնչուած հարցեր։