ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելութեան առիթով եւ նկատի ունենալով Վեհափառ Հայրապետի երկարամեայ մասնակցութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին հետ, Շաբաթ, 18 Նոյեմբերին Ազգային Առաջնորդարանը Վեհափառի նախագահութեամբ միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը կազմակերպած էր Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, ինչպէս եւ Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի բազմաթիւ օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, եկեղեցական այս արարողութիւնը խորապէս տպաւորեց ներկաները եւ առցանց հետեւողները: Եզակի երեւոյթ էր յատկապէս Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի 24 տուներուն 17 լեզուներով ընթերցումը ներկայ եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու կողմէ։
Միջ-եկեղեցական աղօթքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով՝ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տալու: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միութեան ըմբռնումին ու հրամայականին, ինչպէս նաեւ միութեան գործնական արտայայտութիւն տալու միջոցներուն: Ան յատկապէս շեշտեց, որ ներկայ աշխարհին մէջ, երբ քրիստոնեայ հաւատքը վտանգուած է, անհրաժեշտ է մէկդի ձգել անցեալէն ժառանգուած դաւանական հարցերը եւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան ճամբով հասարակաց կեցուածք որդեգրել քրիստոնէական հաւատքը վտանգող շարժումներուն հանդէպ։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։