Առաջնորդարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ

Ուրբաթ, 17 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Նիւ Եորք ու պատուոյ հիւրը եղաւ ԱՄՆի յոյն ուղղափառ համայնքի հոգեւոր պետ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին: Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, առաջնորդական փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան:

Յոյն ուղղափառ հոգեւոր կեդրոնին մէջ ընդունելով Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը, արքեպիսկոպոսը ողջունեց անոր այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս եւ յոյն համայնքի հոգեւոր կեդրոնատեղին: Ան ըսաւ, թէ կարիք չկայ Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացնելու, որովհետեւ ան միջազգային դէմք է յատկապէս միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս, որուն ղեկավարութեան եւ հոգեմտաւոր արժանիքներուն անձնապէս ծանօթ եղած է տարիներ շարունակ: Յոյն արքեպիսկոպոսը Տիեզերական Պատրիարք Բարդողոմէոսի եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց եւ Վեհափառ Հայրապետին յաջողութիւն մաղթեց իր օրհնաբեր առաքելութեան մէջ, խօսքի աւարտին յատուկ պանակէ մը նուիրելով Նորին Սրբութեան:

Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ երկրորդ անգամ ըլլալով, շուրջ 25 տարի ետք, կ՚այցելէ այս հոգեւոր կեդրոնը: Անդրադառնալով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան, ան լուսարձակի տակ բերաւ երկու մարզեր, որոնք անցեալէն ժառանգուած յարաբերութիւնը ու գործակցութիւնը կը շարունակեն. միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները եւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ: Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց, որ այս երկու բնագաւառներէն ներս ինք եւ Տիեզերական Պատրիարքը միշտ միասին գործած են իրենց վարդապետութեան օրերէն սկսեալ: Ի խօսքի աւարտին Կաթողիկոսարանի մշակութային գանձերու պաշտօնական ցուցակը նուիրեց յոյն ուղղափառ առաջնորդին:

Ճաշի ընթացքին, Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը յիշեց Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնը եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան ի խնդիր եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց իրենց դպրեվանքին մէջ ընդունելու Կաթողիկոսարանի կողմէ ուղարկուած ուսանողները։