Առաջնորդարանէն

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԷ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԾՈՒԽԵՐԸ

Արեւելեան Թեմի միջ-ատլանտեան շրջանին կատարած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս առիթը ունեցաւ հանդիպելու ամէն տարիքի ու վիճակի ծխականներու հետ։ Համայնքի կառոյցները վերաշխուժացնելու անհրաժեշտութեան մասին իր պատգամներուն մէջ, Նորին Սրբութիւնը յաճախ ընդգծեց ծուխերու էական դերը այս առաքելութեան մէջ։ 2022ի եւ 2023ի իր հռչակագիրներուն մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ծուխը նկատած է այն հիմնական բջիջը,  որ պիտի գլխաւորէ վերածնունդի ու վերանորոգման առաջնորդող ջանքերը։