ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ Ս. ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 17 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ներկայ եղաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Պատարագին։ Պատարագիչն էր Արժպ. Տ․ Մեսրոպ Քհն․ Լագիսեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով օրուան աւետարանական ընթերցումին, վեր առաւ ներողամտութեան ու հաւատքի զոյգ առաքինութեանց հրամայականը անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ։ Նաեւ, շեշտելով առաքելական նամակին կարեւորութիւնը, թէ «Քրիստոս Հօր Աստուծոյ փառքին ցոլացումը եւ էութեան պատկերն է», ըսաւ, թէ առաքեալները վկայեցին այդ փառքին ճաշակը Թափօր լերան վրայ, իսկ էութիւնը՝ որ է համակ սէր, Խաչին վրայ։ Ան հրաւիրեց հաւատացեալները, որ այս խոր գիտակցութեամբ հետզհետէ մօտենան Աստուածայայտնութեան տօնին եւ նորոգուին անոր խորհուրդով։
Առաջնորդ Հայրը քարոզի աւարտին յայտնեց, թէ այսօր Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն վախճանման 20ամեակին առթիւ հոգելոյս Տ․ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսին, որուն առաջնորդութեան օրերուն Ազգային Առաջնորդարանը ճոխացած էր նոր բաժանմունքներով եւ Թեմը աշխուժացաւ բազմակողմանի յայտագիրներով։ Սրբազան Հայրը նաեւ գուժեց Կիլիկեան ուխտի երիցագոյն անդամներէն հոգելոյս Գերշ. Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցած էր նոյն առաւօտ։
Յաւարտ սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ նուիրատուներու ցուցատախտակի օրհնութիւնը, որ եկեղեցւոյ մուտքին հաստատոած էր բարերարութեամբ Թաշճեան ընտանիքին, ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Եդուարդ եւ Լուիզ Թաշճեաններու։ Արժպ․ Տ․ Մեսրոպ Քահանայ բարձրօրէն դրուատեց Թաշճեան ընտանիքի հաւատարմութիւնը եւ օժանդակութիւնը եկեղեցւոյ, յատկապէս պսակաձեւ ժահրի շրջանին եւ որ շարունակուեցաւ մինչեւ օրս։ Ան յայտնեց, թէ ցուցատախտակին վրայ պիտի գան աւելնալու բոլոր նուիրատուներու անունները։
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յուշ-յայտագիր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի վաստակին։ Խօսք առին հոգեւոր հովիւը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, լուսարձակի տակ առնելով հոգելոյս Սրբազան Հօր օրինակելի եկեղեցականի տիպարը, որ բազմատաղանդ ձիրքերով արժեւորած էր իր ծառայութիւնը Սփիւռքի թէ Հայրենիքի մէջ։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Տոքթ․ Հրանդ Մարգարեանի մէկ գողտրիկ գրութիւնը՝ ձօնուած լուսահոգի Սրբազան Հօր։
Զուգահեռ ոգեկոչման յայտագրին, տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան տարեկան պազարը։ Տ. Մեսրոպ Քահանայ քաջալերեց ներկաները որ իրենց լայն օժանդակութեամբ գնահատեն այս ձեռնարկը, որուն հասոյթը լրիւ պիտի յատկացուի տեղահանուած արցախահայութեան։