ԻՏԱ ՔԱՐ (մահ՝ 24 Դեկտեմբեր, 1974)
Հայազգի լուսանկարիչ Իտա Քար յայտնի անունը մը դարձած է 1950-1960ական թուականներուն, երբ հազուագիւտ էին կին լուսանկարիչները։
Բուն անունով՝ Իտա Քարամեան, ծնած է 1908 թուականին Ռուսաստանի Թամպով քաղաքը։ Հայրը թուաբանութեան եւ բնագիտութեան ուսուցիչ եղած է։ 1916 թուականին ընտանիքը փոխադրուած է Իրան, այնուհետեւ՝ Եգիպտոս։ Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ Իտա Քար աւարտած է ֆրանսական վարժարանը եւ 1928ին մեկնած է Փարիզ քիմիագիտութիւն եւ բժշկութիւն ուսանելու։ Նախ ծանօթացած է եւրոպական ժամանակակից արուեստին եւ կիսատ ձգած՝ ուսումը, տարուելով նախ ձայնամարզութեամբ, ապա՝ երաժշտութեամբ, եւ վերջապէս՝ քաղաքականութեամբ։ Սակայն, գործի անցած է լուսանկարչական խանութի մը մէջ, եւ ազատ պահերուն սրահի գործիքներուն եւ սարքերուն վրայ փորձեր կատարած: Այսպէս է, որ մէկընդմիշտ նուիրուած է լուսանկարչութեան։
1930-ականներուն Իտա Քար հանդիպած է իր առաջին ամուսինին՝ Էտմոն Պիլալին, որ նոյնպէս լուսանկարիչ էր, ծագումով՝ եգիպտացի: Գահիրէի մէջ հիմնած են լուսանկարչատուն մը։ Սակայն, հետագային բաժնուած են եւ երկրորդ անգամ ամուսնացած է արուեստի քննադատ Վիքթոր Մասկրէյվի հետ։ 1945ին հաստատուած են Լոնտոն:
Ամուսինը օգնած է մուտք գործելու լոնտոնեան բարձրաշխարհիկ միջավայրեր:Իտա Քար նկարած է ժամանակի շատ մը նշանաւոր անձերու՝ գրողներու եւ արուեստագէտներու դիմանկարներ։ 1954 թուականին անոր գործերը ցուցադրուած են «Քառասուն արուեստագէտ Փարիզէն ու Լոնտոնէն» ցուցահանդէսի ընթացքին, բայց անոր անհատական ցուցահանդէսը, որ բացուած է 1960ին՝ Լոնտոնի «Ուայթչէյփըլ» պատկերասրահին մէջ, մեծ յաջողութեամբ պսակուելով։
Միջոցին, 1957ին եւ 1962ին այցելած է Հայաստան, իսկ 1958ին եւ 1959՝ Խորհրդային Միութիւնը։ Նոյն տարին նաեւ այցելած է Ֆրանսա։ Հայաստանի մէջ, ան լուսանկարած է Մարտիրոս Սարեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Տիգրան Պետրոսեանը եւ այլ մարդիկ: Շրջած է Երեւանն ու շրջակայ բնակավայրերը, նկարած է պարզ մարդոց, փողոցներ, բնութիւն, շուկաներ: Լոնտոնեան շարքէն ետք լուսանկարչուհիին հայաստանեան շարքը նոյնպէս կը նկատուի անոր կարեւոր հաւաքածոներէն մէկը: 1959 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է անոր ցուցահանդէսը։
Իտա Քար մինչեւ իր կեանքի վերջը ապրած է Լոնտոն, ուր ստեղծած է իր գործերուն մեծագոյն մասը։ Մահացած է 24 Դեկտեմբեր, 1974ին։ Լոնտոնի դիմանկարներու զգային պատկերասրահը 2011ին կազմակերպած է Իտա Քարի լուսանկարներու ցուցահանդէսը «Իտա Քար. պոհեմական լուսանկարչուհի 1908-1974» խորագրով։ Ժամանակակից լոնտոնեան հասարակութիւնը առաջին անգամ կը տեսնէր Լոնտոն ապրած լուսանկարչուհիի գործերը շուրջ 50 տարուան դադարէ ետք, եւ կը ցուցադրուէին նաեւ 100 անծանօթ լուսանկարներ։