Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՄԷՐԻԼԷՆՏԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Ս. Պատարագին Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պէթէստա, Մէրիլէնտ)։ Սրբազան Հայրը, քարոզին մէջ օրուան Աւետարանի ընթերցումէն մեկնելով (Ղկ 19.12-18), վեր առաւ Քրիստոսի «Տէրը եւ իր ծառաները» առակէն քաղուած հետեւեալ պատգամը։ Աստուած կ՛ակնկալէ որ իւրաքանչիւր անձ իրեն տրուած շնորհքը լաւագոյնս գործածէ, եւ ըստ այնմ Ինք՝ Տէրը բազմապատիկ վարձահատոյց կ՛ըլլայ։ Բաղդատել ինքզինք ուրիշներու հետ կրնայ ենթական շեղեցնել իրեն վերապահուած առաքելութենէն։ Հետեւաբար, մեր աղօթքներուն մէջ հարկ է խնդրել Աստուծմէ, որպէսզի մեզ  գիտակից ընէ մեզի վերապահուած դերակատարութենէն առանց զայն գերագնահատելու կամ ստորագնահատելու։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ Նախասարկաւագ եւ Առաջին վկայ՝ Սուրբ Ստեփանոսի տօնին առթիւ հակիրճ արարողութիւն մը։ Սուրբ Սեղանին ծառայող Գէորգ Սրկ. Զապունեան եւ Սարգիս Սրկ. Ագթաւուգեան՝ քահանայական սաղաւարտով զարդարուած, աւանդատունէն մուտք գործեցին եւ Սուրբ Սեղանին խնկարկելէ ետք ծունկի եկան եւ ստացան Առաջնորդ Հօր օրհնութիւնը։ Սրբազան Հայրը, բացատրելով  Ստեփանոս անունին իմաստը, որ կը նշանակէ «պսակ», մաղթեց որ Սուրբերու Պսակիչը՝ Քրիստոս, երկնային անթառամ պսակով պատուէ իր ծառաները եւ նորանոր սարկաւագներով հարստացնէ Իր եկեղեցին։

Այնուհետեւ, արեւմտեան եկեղեցիներու Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ, եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայ հաւատացեալներուն հրամցուց Ծննդեան հոգեւոր երգերու գողտրիկ ծաղկեփունջ  մը, մէջընդմէջ երգելով անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով։

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա․ Քհն․ Ագթաւուգեանի, հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց համագործակցութիւնը, որ վերջերս անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան առթիւ ամբողջ շաբթուան մը վրայ տարածուած յայտագրի գործադրութեամբ։