Կաթողիկոսարանէն

2024 | ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

Պ Ա Տ Գ Ա Մ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ
ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

ԱՆ­ԹԻԼ­Ի­ԱՍ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն

 

2024 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհ­նութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժո­ղո­վուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’ողջունենք յատկապէս մեր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանները, Ազգային իշխանութիւնները, հայ կեան­քէն ներս գործող կազմակերպութիւնները ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքային, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, ընկե­րային ու մարզական կառոյցները, եւ բոլորին կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով հարուստ տարի մը։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր Որդւոյն մարդեղութեամբ ու յայտնութեամբ բաց­ուող Նոր Տարին մեր ժողովուրդին համար դառնայ երկնային բա­րիքներով ու շնորհքներով լեցուն տարի մը։

*
*  *

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 2003-էն սկսեալ, տարիներէն իւրաքանչիւրը ձօնած ենք մեր հաւաքական կեանքին առնչուած դէպքի մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ մտահոգութեան մը։ Տուեալ նիւթի ծիրէն ներս անհրաժեշտ վերլուծումը եւ շեշ­տա­ւորում­ները կատարած ենք, եւ ապա Մեր հայրական թելադրութիւն­ները փոխանցած մեր ժողովուրդին։ Յաճախ կարեւորութեամբ անդ­րա­դար­ձած ենք, թէ եկեղեցին իր էութեամբ ու կոչումով դէպի ժողո­վուրդ ուղղուած առաքելութիւն է։ Արդարեւ, Քրիստոսին ուսու­ցում­ները տեսական ու պարագայական չէին. անոնք անմիջական աղերս ունէին ժողովուրդի կեանքին հետ։ Այսօր եւս, եկեղեցին կոչուած է իր հոգեւոր հօտը հրաւիրելու, որ հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու հաւաքական քննարկումներու ճամբով անդրադառնայ իր կեանքին հետ սերտ առնչութիւն ունե­ցող մտահոգութիւններուն ու մարտա­հրաւէրներուն։ Միաժամանակ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է անհրա­ժեշտ ցուց­մունքները կատարել՝ ի խնդիր հոգեւոր, բարոյական ու ազ­գային արժէքներու առաւել կենսաւորման։ Ա՛յս նպատակը կը հետապնդեն Մեր հայրապետական Հռչակա­գրերը։ Գոհունակու­թեամբ կ’ու­զենք յայտնել, որ ցարդ հրապարակուած հռչակագրերը մեր հաւա­քական կեանքէն ներս առիթ հանդիսացած են լայն քննար­կումներու, եւ իրենց պարզած մտահոգութիւններուն ու կա­տարած թելադրութիւն­ներուն լոյսին տակ, մեր ժողովուրդի զաւակները մղած վերա­քննութեան ու վերարժեւորման ենթարկելու իրենց անհա­տա­կան թէ համայնական կեանքը։

Ինչպէս գիտէք, 2022 եւ 2023 տարիները նուիրած էինք Սփիւռքին՝ 2022-ը յայտարարելով ընդհանրապէս Սփիւռքի Տարի, իսկ 2023-ը՝ Սփիւռքի Տարի – Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում։ Պատա­հական չէր յաջորդական երկու տարիներուն Սփիւռքը լու­սար­ձակի տակ բերելու Մեր որոշումը։ Սփիւռքը իր կազմաւորման ու ծաւալ­ման հոլովոյթը ունի, եւ միշտ ենթակայ է եղած արտաքին ազ­դակ­ներու ու շրջապատի պայմաններու ազդեցութեան։ Այսօր Սփիւռքը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի։ Նկատի ունենալով համաշ­խարհային մշակոյթի թափանցումը հայ կեանքէն ներս, ազ­գային արժէքներու նահանջը, հայ լեզուի աղաւաղումը եւ այլ հրա­տապ խնդիրներ, այսօր Սփիւռքին վերարժեւորումը եւ վերակազ­մակերպումը դարձած է անյետաձգելի հրամայական։

Սփիւռքին նուիրուած երկու հռչակագրերուն մէջ, Սփիւռքին պար­­զած ներկայ կացութեան գծով 2022-ին հետեւեալ հաստատումը կատարեցինք.- «Սփիւռքը հայօրէն արագ մաշումի ընթացքի մէջ է. մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժմէականութիւնը,
եւ հետեւաբար, անհրաժեշտ է Սփիւռքի վերակենսաւորումը՝ մեր կեան­­­­­քը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւն­նե­րուն լոյսին տակ»
։ Իսկ 2023-ին, անդրադառնալով Սփիւռքի կա­ռոյցներուն, հետեւեալ յիշեցումը կա­տարեցինք.- «Սփիւռքը ունի մշա­­կութային, հոգեւոր, տնտեսա­կան, մասնագիտական, յարաբե­րա­կան թէ փորձառական հսկայ ներուժ։ Սակայն, տեղ մը՝ համակեր­պումը ու տեղայնացումը, այլ տեղ՝ անտարբերութիւնը ու անտե­սու­մը սկսած են հայ կեանքէն հեռացնել իր սեփական ներուժը։ Փաս­տօրէն, Սփիւռքը չէ կրցած իր ներուժին տէր դառնալ եւ զայն ճիշդ ու ամբողջական կերպով օգտագործել։ Սփիւռքի ներուժին կազմակեր­պումը ու օգտագործումը անհրաժեշ­տութիւն է։ Նման հսկայ ծրագիր կ’ենթադրէ հաւաքական ու հետեւո­ղական աշխատանք»։

Յիշեալ երկու հռչակագրերուն մէջ, պարզելէ յետոյ Սփիւռքի հա­մայնքներուն ու կառոյցներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտեցինք, թէ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս մարդուժի պակասը  փաստօրէն սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել։ Այլ խօսքով, բոլոր գաղութներէն ներս մասնագէտ, փորձառու ու յանձ­նառու մարդոց թիւը սկսած է հետզհետէ նուազիլ։ Սա խորապէս մտահոգիչ երեւոյթ մըն է՝ թէ՛ համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ թէ իր ան­նախատեսելի հետեւանքներով։ Արդարեւ, մեր կառոյցները կեն­սաւո­րողը, մեր համայնքները ծաղկեցնողը, Սփիւռքը որպէս հա­յա­կեդ­րոն գոյու­թիւն ամրապնդողը, անոր ազգային ինքնութիւնը պա­հողը եւ որակ ու ուղղութիւն տուողը իր մարդուժն է՝ հոգե­մտաւոր պատ­րաս­տու­թիւն, մասնագիտական կազմաւորում ու ամ­բող­ջական նուի­րում ունեցող մարդուժը։ Ա՛յս խոր համոզումէն մեկ­նելով 2024 տա­րին կը հռչակենք՝


ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ, թէ Աստուած տիեզերքի ստեղծա­գոր­ծու­թեան վեցերորդ օրը մարդը ստեղծեց (Ծն 1.26-27, 2.7)։ Մար­դու ստեղծագործութիւնը, յարաբերաբար տիեզերքի միւս արա­րած­նե­րուն, տարբեր էր ո՛չ միայն իր ժամանակով ու եղանակով, այլ նաեւ իր նպատակով։ Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ «Աստուծոյ պատ­կեր»ին համաձայն ստեղծուած մարդը կոչուած էր ըլլալու ստեղ­ծագոր­ծու­թեան խնամողը, զայն պաշտպանողը ու հարստացնո­ղը (Ծն 1.28-30). այլ խօսքով՝ Աստուծոյ «գործակից»ը (Ա.Կր 3.9-17)։ Ի՜նչ սրբազան կոչում…։ Բայց մարդը դաւաճանեց իր աստուածա­տուր կոչումին, իրեն տրուած առանձնաշնորհումը չարաշահեց զայն օգ­տագործելով իր հաճոյքին ու փառքին համար եւ իր անհաւատար­մութեան հետեւանքով վտար­ուեցաւ դրախտէն (Ծն 3)։

Սակայն, Աստուած միշտ մնաց հոգածու մեղանչած մարդուն նկատ­մամբ։ Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը մօտեցնէ իր Երկնաւոր Հօր։ Աստուծոյ Որդին մարդացաւ, եւ նոյնիսկ իր արիւնը թափեց, որպէսզի վերա­կանգնէ մարդը իր աստուածային պատկերին եւ աստուածատուր առա­քե­լութեան մէջ։ Ա՛յս է Աստուածաշունչի, աստուածային յայտնու­թեան նպատակն ու պատգամը։ Աստուածա­շունչը յատուկ կարեւո­րու­թեամբ կը շեշտէ մարդուն իւրայատուկ տեղը ու եզակի դերը աստ­ուածային յայտնութեան ու ծրագրին մէջ։ Արդարեւ, զանազան առակ­ներու, դէպքերու եւ ուսուցումներու ճամ­բով, Աստուածաշուն­չին մէջ կը տեսնենք մարդուն, նոյնիսկ մեղաւոր մարդուն նկատմամբ Աս­տու­ծոյ ցուցաբերած հայրական սէրն ու հո­գա­ծութիւնը. այսպէս օրի­նակ, երբ հովիւը 99 ոչխարները կը ձգէ մէկ ոչխարի փնտռտուքը կա­տարելու (Մտ 18.11-14), երբ հայրը իր անառակ որ­դին գրկա­բաց կ’ընդունի (Ղկ 15.11-32)։ Աստուածաշունչը կ’ընդգծէ, թէ մար­դը, այր թէ կին, արժէք է Աստուծոյ համար։ Սակայն մարդուն արժէքը սոսկ իր ֆիզիքական գոյութեան մէջ չի կայանար, այլ՝ Աս­տու­­ծոյ նկատ­մամբ իր ունեցած հաւատարմութեան ու հնազանդու­թեան մէջ։

Բոլոր կրօնները ու քաղաքակրթութիւնները յատուկ ուշադրու­թեան արժանացուցած են մարդը, որպէս մտածող, գործող, կառա­վարող եւ իր ստեղծագործ ոգիով ընկերութեան կեանքը զարգացնող եւ անոր իմաստ ու ուղղութիւն տուող իրականութիւն։ Հին փիլի­սոփաներուն, հոգեբաններուն ու ընկերաբաններուն կողմէ մարդը լուրջ վերլուծումի նիւթ դար­ձած է եւ կը շարունակէ դառնալ մաս­նաւորաբար արհեստա­գիտու­թեամբ տիրապետուած ներկայ աշ­խար­հին մէջ։ Ազգերու պատմու­թիւնը կը պարզէ, թէ բոլոր իրագոր­ծումներուն, գիւ­տե­րուն ու զարգա­ցումներուն ետին կը գտնուի մար­դը։ Ահա թէ որ­քա՜ն առանց­քային է մարդուն դերը տիեզերքին ու ընկերութեան կեանքին մէջ։ Երկիրներ, համայնքներ, ընկերութիւն­ներ, կազմակեր­պու­թիւն­ներ կը զարգանան, կը յառաջդիմեն ու կը հզօրանան ո՛չ միայն իրենց ունե­ցած նիւթական հարստութեամբ, քաղաքական կամ զինուորական առաւելու­թիւն­ներով ու ներուժով, այլ՝ զանոնք հնարող, զարգացնող, կառա­վարող ու պաշտպանող մարդուժով։

*
*  *

Նշեցինք, ու դարձեա՛լ կը շեշտենք, թէ հայ կեանքէն ներս մար­դու­ժի պակաս կայ։ Դժբախտաբար, մեր թերութիւնները, բացթո­ղում­նե­րը, տկարութիւնները տեսնելու եւ ընդունելու քաջութիւնը եւ իմաս­տութիւնը յաճախ կը պակսին մեզի։ Հակամէտ ենք ամէն բան վար­դագոյն տեսնելու, սխալը ծածկելու եւ կամ սխալին պատճառը այլ տեղ փնտռելու։ Կրօնական բարոյագիտութիւնը, ինչպէս ընդհան­րա­պէս ժողովրդային իմաստութիւնը կը յուշէ, թէ սխալը ընդունիլը յա­ջողութեան կէս ճամբան է։ Ընդհանուր ակնարկ մը մեր գաղութ­ներու, համայնքներու, կազմակերպութիւններու ու կառոյց­նե­րու կեանքին վրայ, յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ մարդուժի պակասը հետզհետէ աւելի կը խորանայ ու կը ծաւալի, եւ անոր այլազան ու բազ­մազան բացասական հետեւանքները կը դառնան ակներեւ։ Անընդունելի է այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց անտարբեր մնալ։ Համասփիւռք­եան այս յոյժ կարեւոր կարիքը դարմանելու հաւա­քական աշխա­տան­քին մէջ բոլորս ալ ընելիք ու տալիք ունինք։ Քաջ պէտք է գիտ­նանք, որ առանց մարդուժի մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր որակը, պիտի ճահճանայ ու գունաթափի եւ մեր գոյութեան ար­մատները պիտի տկարանան։ Մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի ա­ռաջ­նահեր­թու­թիւն է։

Ինչո՞ւ մարդ­ուժի պակաս կայ Սփիւռքի կեանքէն ներս. ի՞նչ են ատոր պատ­ճառ­ները։ Անհրաժեշտ է նման հարցադրումներ կատա­րել եւ առարկայական մօտեցումով փորձել պատասխաններ գտնել։ Մարդուժի իմաստով այսօր հայ կեանքը հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.- առաջին, մեր ունեցած ներկայ մար­դուժը ընդհանրապէս չի համապատասխաներ ներկայ ժամանակ­ներու կարիքներուն ու պա­հանջներուն։ Երկրորդ, մեր մարդուժին կարեւոր մէկ մասը փաստօ­րէն կամ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի, եւ կամ հեռու է հայ կեանքէն։


ՆԵՐԿԱՅ ՄԱՐԴՈՒԺԻՆ ՆԵՐԱՌՈՒՄԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Մարդուժի վերակազմակերպման ու հզօրացման առաջին կարե­ւոր քայլը պէտք է ըլլայ՝ հայ կեանքի մայր էջէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը ներգրաւել հայ կեանքէն ներս։

Պահ մը դիտենք մեր շուրջը։ Ճի՛շդ է, մասնագէտներ ունինք զա­նազան մարզերէն ներս, սակայն անոնցմէ շատեր հեռու են մեր կեան­քէն։ Զարգացած երիտասարդներ ունինք, սակայն շատեր մաս­նակից չեն մեր կառոյցներու գործունէութեան։ Նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ունինք, սակայն շատեր կը գործեն ոչ-հայկական կրթական կառոյցներէն ներս։ Ինչ-ինչ պատճառներով եւ զանազան բնագաւառներէն ներս հայ կեանքէն հեռու մնացած մարդուժին թուարկումը կարելի է շարունակել…։ Այս տխուր իրականու­թենէն մեկնած, ան­հրա­ժեշտ է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ մեր մարդուժին մէկ կարեւոր մասը հեռացած է մեր համայնական կեանքէն։ Հարցադ­րում­ները մեզ պէտք է մղեն ախ­տա­ճանաչումի, եւ ախ­տա­ճանաչումը՝ սրբագրումի։ Բոլոր պարագա­ներուն, մեր մօ­տեցումը պէտք է ըլլայ իրատես, ո՛չ զգացական. գործ­նական, ո՛չ տեսական. տեղական, ո՛չ ընդհանրական։ Հարկ է նկատի ունենալ Սփիւռքի զանազան շրջան­ներուն դիմագրաւած աշխար­հաքաղա­քական պայ­մանները եւ անոնց հետեւանքով յաճախ տեղի ունեցած ներքին տե­ղաշարժերը, տնտե­սական պատճառներով որոշ գաղութ­ներու տկա­րացումը եւ այլ գա­ղութներու ծաւալումը, հա­մայնք­ներու նկա­րագրի փոփոխութիւնը, շրջապատային պայման­ներու տարբե­րու­թիւնը, եւլն.։ Տակաւ շարու­նակուող այս բոլոր զարգացումները հարկ է արժեւորել հայ կեանքէն ներս իր ներկայութիւնը հաստատած հա­մաշխարհային մշակոյթի լոյսին տակ։ Բնականա­բար, յիշեալ երե­ւոյթ­ները իրենց բա­ցասական անդրադարձը ունեցած են որոշ թիւով մարդու­ժի թէ՛ հայ կեանքէն հեռացման եւ թէ գաղութէ մը այլ գա­ղութ տեղափոխման վրայ։

Վերոյիշեալ արտաքին ազդակներուն կողքին, նաեւ ներքին եւ անձնական պատճառներ ոմանց մղած են հեռու մնալու մեր հաւա­քական կեանքէն։ Այսպէս, համայնքային ղեկավարութեան ցուցա­­բերած երբեմն անտարբեր մօտեցումները եւ երբեմն միակողմանի դիրքորոշումները գա­ղութը յուզող հարցերուն նկատմամբ, կառոյց­ներու կեանքէն ներս երեւան եկող մրցակցութիւնները, հին եւ նոր սերունդներու անյարիր մտածելակերպերը, մարդուժին ճիշդ եւ ար­ժանի գնահատանքը կատա­րելու պակասը, ինչպէս նաեւ աւելի լայն հորիզոններու բաց­ուելու եւ աւելի բարձր նիւթական եկամուտ ապա­հովելու ցանկութիւնները, եւայլն։

Այս մտահոգիչ երեւոյթին դիմաց, չենք ուզեր այպանել ո՛չ հեռու մնացողները եւ ո՛չ ալ անոնց հեռու մնալուն պատճառ հանդիսացած կա­ռոյց­­ները կամ պատասխանատուները։ Կ’ուզենք բարձրագոյն աս­տի­ճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ աւելի քան երբեք հրա­մա­յա­կան է, որ զանազան պատճառներով հայ կեանքէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը մօտենայ հայ կեան­քին, մասնակից դառնայ մեր հա­ւաքական ապրումներուն, մաքա­ռում­նե­րուն, ծրագիրներուն ու աշ­խա­տանքներուն։ Այս հաստատ կա­մեցո­ղութիւնը ու գիտակից յանձ­նառութիւնը կը սպասենք հեռու մնա­ցողներէն։ Միա­ժամանակ՝ կը սպասենք, որ պատասխանատու մարմիններ լայն կարելիութիւններ ստեղծեն մեր մարդուժին ու յատ­կապէս երի­տա­սարդ ուժերուն, զանոնք ներգրաւելով մեր կառոյց­ներէն եւ ընդհան­րապէս հայ կեան­քէն ներս։ Մեզի համար սիրելի եւ յարգելի է մեր մարդուժը։ Հետե­ւաբար, ընդունելի չէ, որ մեր մարդուժը կազմող անձինք ուրիշ­ներուն դռները թակեն, ուրիշներուն ծառայեն, իրենց մասնագիտու­թիւնը ու փորձառութիւնը ի սպաս դնեն ուրիշներու յաջողութեան։ Մեզի հա­մար առաջնա­հերթը, հիմ­նա­­կանը, մնայունը մեր ազգն է, մեր հայ­րենիքն է, մեր գաղութներն են։

ՆՈՐ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Մարդուժի կազմակերպման ու հզօրացման երկրորդ կարեւոր քայլը պէտք է ըլլայ նոր մարդուժի պատրաստութիւնը։ Սա դիւրին ու հեզասահ եւ անմիջական կերպով իրագործելի ծրագիր մը չէ։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Մարդուժի պատրաստութիւնը կ’ենթադրէ երկա­րա­շունչ գործընթաց, ամբող­ջական նուիրում, լուրջ կազմակերպուա­ծութիւն, հետեւողական աշ­խատանք եւ նաեւ՝ նիւթական լայն ներ­դրում։ Նայեցէ՛ք ձեր շրջապատին։ Պետութիւններ, կրօններ, կազմա­կերպու­թիւններ, կառոյցներ հսկայ աշխատանք կը տանին ու մեծ ներդրում կը կատարեն, նիւթական թէ այլապէս, մարդուժի պատ­րաստութեան ի խնդիր։ Արդարեւ, առանց գիտակից, մաս­նագէտ ու նուիրեալ մարդուն, մեր ունեցածը՝ նիւթականէն սկսեալ մինչեւ հո­գեւոր, կրթականէն սկսեալ մինչեւ քաղաքական, ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ։ Մա՛րդն է որ անոր արժէք, իմաստ, որակ, ուղղութիւն ու նպատակ կու տայ։

Արդ, ժամանակը հասած է, որ այս գիտակցութենէն ու համո­զումէն մեկնած, Սփիւռքի մէջ մեր ուշադրութեան սլաքը կեդրո­նացնենք մարդուժի պատրաստութեան վրայ, մեր ունեցած ներուժին եւ կա­րելիութիւններուն ամբողջական օգտագործումով։ Մարդուժի պատ­­րաստութիւն կը նշանակէ հայ մարդը հոգեւոր, բարոյական ու ազ­գային արժէքներով շաղախել, մեր ազգին անցեալի ու ներկայի յատ­կանշական դէպքերուն, դէմքերուն ու մարտահրաւէրներուն ծանօ­թացնել, ներկայ աշխարհին մասնագիտութիւններուն մէջ խո­րա­նալու կարելիութիւն ընծայել, այս բոլորէն վեր ու այս բոլորը իմաս­տաւորող՝ մեր ժողո­վուրդին ամբողջական նուիրումով ծառայե­լու ոգին ներար­կել, հայ կեանքին բերելու իր գործօն մաս­նակ­ցու­թիւնը։

Ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքը կազմակերպ մօտեցումով ու վերա­նորոգ թափով մղել մարդուժի պատրաստութեան։ Հարկ է ի միտի ունենալ, թէ մարդուժի պատրաստութիւնը սոսկ տուեալ կառոյցի մը աշխատանքը չէ, այլ հաւաքական աշխատանք է ու հետեւո­ղական գործընթաց՝ զանազան հանգրուաններէ ընթացող ու նախաձեռ­նու­թիւններ նե­րա­ռող։ Ամփոփ գիծերով կ’ուզենք յիշել այն կառոյց­ները ու միջոց­ները, որոնք կա­րեւոր նպաստ կրնան բերել մարդուժի պատ­րաս­տութեան առաքելութեան.-

1) Մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու մնայուն խա­րիսխը ԸՆՏԱՆԻՔՆ է։ Հայ մարդու կազմաւորման ամուր հիմքը կը դրուի ըն­տանիքէն ներս։ Մեր ծնողներէն շատ բան կը սորվինք լսելով ու տեսնելով։ Մեր ծնողներէն միայն մեր ազգին առնչուած գիտելիք­ներ չենք ստանար, այլ նաեւ ու մանաւանդ գիտակից ու հպարտ հայ ըլ­լալու ոգին եւ անսակարկ կերպով մեր ազգին, հայրենիքին ու եկե­ղեցւոյ ծառայելու նուի­րումը։ Արդ, անհրաժեշտ է, որ հայ ընտանիքը վերաշեշտէ մարդուժի գծով իր եզակի դերակատարութիւնը։ Այս յոյժ կարեւոր առաքելու­թիւնը վերանորոգ նուիրումով կատարելու հա­մար հայ ընտանիքը կոչուած է հեռու մնալ այնպիսի երեւոյթներէ, որոնք կրնան աղարտել իր բարոյական մթնոլորտը ու հայադրոշմ նկարագիրը եւ նսեմացնել վեհ կոչումը։

2) Մարդուժի պատրաստութեան երկրորդ վայրը ԵԿԵՂԵՑԻՆ է։ Եկեղեցին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազ­գային արժէքներու պահ­պանման հնոցն է ու կենսաւորման աղբիւրը։ Մեր ազգի մեծերէն շատեր եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան հետ իրենց անձը շա­ղախած են եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու նախանձախնդրու­թիւնը ու յանձնառութիւնը եկեղեցիէն ստացած։ Զանազան նախա­ձեռնու­թիւններու ճամբով (կիրակնօրեայ վարժարան, Սուրբ Գրոց սեր­տո­ղութիւն, ժողովրդային լսարաններ, քրիստոնէական դաս­տիա­­րակու­թիւն, եւլն.) անհրաժեշտ է որ մեր եկեղեցին իր հոգե­ւոր առաքե­լութեան ու ազգային ծառայութեան առընթեր, նաեւ զարկ տայ յատ­կապէս իր ուսուցողական ու դաստիա­րակ­­չա­կան աշխատանք­նե­րուն։

3) Մեր Սուրբ Աթոռի ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ նպատակը կը շարունակէ մնալ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած եւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծա­ռայելու կոչումը ունեցող հոգեւորականներու, ուսու­ցիչներու ու մտա­ւո­րականներու կազմաւորումը։ Այս ուղղու­թեամբ անցնող տաս­նամ­եակ­ներուն հսկայ աշխատանք է կատարած Դպրեվանքը։ Արդարեւ, Դպրե­վան­քէն անցած եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ մեր ազգային կեանքի հոգեւոր, կրթա­կան ու մշակութային բնագաւառ­ներէն ներս կարեւոր ներդրում բե­րող մեծ թիւով անձերու ներ­կա­յութիւնը՝ պեր­ճախօս վկայութիւն մըն է Դպրեվանքին վիճակուած եզակի առաքե­լու­թեան։

4) ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ, բնականաբար, մարդուժի պատրաստութեան կարեւոր կառոյց­ներէն մէկն է։ Ներկայ ժամանակներուն, դժբախտա­բար մեր ծնող­ներուն մօտ սկսած է որոշ անտարբերութիւն մը ի յայտ գալ հայ դպրոցին նկատմամբ։ Պետական քննութիւններուն իր ձեռք ձգած յաջողութիւններով, իր ջամբած հայեցի դաստիարա­կու­թեամբ ու հայակերտ մթնոլորտով հայ դպրոցը մեծապէս կը նպաստէ մարդ­ուժի պատրաստութեան։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է վերա­շեշտել հայ դպրոցին մարդակերտումի առաքելութիւնը՝ զօրավիգ կանգ­նե­լով անոր նպաստող ծրագիրներուն։

5) Հայ կեանքէն ներս գործող ԲՈԼՈՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ՝ կուսակ­ցական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, ընկերային, եւլն. իրենց կարգին մարդուժի պատրաստութեան իւրայատուկ դպրոցներ են։ Արդարեւ, ազգային ու մշակութային արժէքներով լեցուն իրենց ներ­քին մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ մեր համայնքներու կարիքներուն ծառայելու իրենց կամաւոր աշխատանքը այլապէս կը նպաստէ մարդուժի պատրաստութեան։ Ունինք ազգայիններ, որոնք զանա­զան պատճառներով հայ դպրոց չեն յաճախած, սակայն մաս կազ­մելով համայն­քային կազմակերպութիւններու, հայ կեանքի մասին լայն ծանօթութիւն ձեռք ձգած են եւ իրենց մէջ արմատ նետած է ազ­գին ծառայելու ոգին։

6) ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ մարդուժի կազմաւորման մէջ էական դեր ունին։ Այսօր, փաստօրէն, Սփիւռքի մէջ միակ կազ­մա­կերպուած Հայագիտական Կեդրոնը Կաթողիկոսարանէն ներս կը գործէ։ Հարկ է նաեւ յիշել Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին ու Հայ­կազեան Համալսարանին հայագիտական դասըն­թացք­ները։ Կաթո­ղիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնը վերջին 15 տարի­ներուն ինք­նա­կազմաւորման հանգրուաններէ անցնելէ յետոյ, այսօր իր դասա­նիւթերու այլազանութեամբ եւ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն հրաւիր­ուած փոր­ձառու ուսուցիչներու ներկայութեամբ, կը գործէ առաւել կազմա­կերպ ու ինքնավստահ կերպով։

7) Կաթողիկոսարանէն ներս գործող ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴ­ՐՈՆԸ, նպատակ ունենալով մանկավարժական նոր մեթոտներով ուսուցիչներու վերաորակաւորումը, յատուկ կարեւորութիւն կը ներ­կայացնէ այս մարզէն ներս։ Աւելի քան 35 տարիներու իր գոր­ծու­նէու­թիւնը եւ մասնա­ւորաբար պետական քննութիւններուն մէջ ձեռք ձգած յաջողութիւն­ները ցոյց կու տան, թէ մանկավարժական կազ­մաւորման ծիրէն ներս իր տարած աշխատանքը կը մնայ առանց­քա­յին։

8) Մարդուժի պատրաստութեան վերոյիշեալ համայնքային կա­ռոյց­նե­րէն անդին, ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄԸ կը նկատենք էական, ինչպէս նաեւ ամբողջացուցիչ մասը մարդուժի պատրաս­տու­թեան։ Ներկայ աշ­խարհը մասնագիտութեան աշխարհ է։ Ընկե­րութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս հարցերուն, երեւոյթներուն, տագնապ­ներուն ու ծրա­գիրներուն նկատմամբ սիրողական մօտե­ցում փաստօրէն այլեւս տեղ չունի։ Որքան ալ նուիրումը ու պատ­րաստակամութիւնը անհրաժեշտ նկատուին, նոյնքան անհրաժեշտ է մասնագիտութիւնը։ Ներկայ ժամա­նակներուն համալսարանական բարձրագոյն ուսման կեդ­րոն­ները ու կարելիու­թիւնները բազմա­պատ­­կուած են։ Ճարտարա­գի­տութեան ընձեռած լայն միջոցներու լոյսին տակ, համալսարանա­կան ուսումը եղած է աւելի դիւրահաս եթէ ոչ նիւթական, գէթ ժա­մանակի ու աշ­խատանքի իմաստով։ Հարկ է որ մեր ուսումնա­տենչ երի­տասարդ-երիտասար­դուհիները առաւե­լագոյն չափով օգտուին հա­մալսարան­ական բարձրագոյն ու մասնա­գիտական ուսման ընձեռած բարիքներէն։

Բնականաբար, տարբեր պայմաններու մէջ ապրելով, սպասելի չէ որ նոր սերունդը մարդուժի կազմաւորման նշուած հանգրուաններէն անցնի։ Ինքնուսումը եւս կարելիութիւն կու տայ եւ իր կարեւոր ներ­դրումը կրնայ ունենալ մարդու կազմաւորման մէջ։ Բոլոր պարագա­ներուն, հրամայական է, որ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային ար­ժէքներով շա­ղախուած եւ մասնագիտական ուսումով զինուած հայ երիտասարդ-երիտա­սար­դուհին ինքզինք արժեւորէ հայ կեանքէն ներս՝ իր ուսումը ծառայու­թեան ճամբով ի սպաս դնելով մեր ազգին զարգացման ու հզօրաց­ման։ Սփիւռքը անյետաձգելի կարիքը ունի մարդուժի. հետեւաբար, մարդուժի պատրաստութիւնը Սփիւռ­քին համար պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն։

 


ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդուժի պատրաստութեան գծով Մեր պարզած մտահո­գու­թիւններուն, մատնանշած կարելիու­թիւն­նե­րուն ու կատարած ընդ­գծում­ներուն լոյսին տակ, կ’ուզենք հետեւեալ գործնական թելադ­րու­թիւնները կատարել.-

1) Հակառակ Սփիւռքի դժուար պայմաններուն ու սահմանափակ միջոց­ներուն, մարդուժի պատրաստութեան գծով հսկայ աշխատանք է կատարուած։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մարդակեր­տումի ու հայակերտումի սրբազան առաքե­լութեան լծուած բոլոր նուիրեալներուն։ Ժամանակը հասած է, որ գաղութներէն ներս մար­դուժի պատրաստութեան նուիր­ուած մեր կառոյցնե­րուն գոր­ծունէու­թիւնը ըլլայ աւելի ներդաշ­նակ, հա­մադրուած ու համապատասխան ներկայ իրականութիւններուն եւ սպասումներուն։ Այս ուղղութեամբ ան­հրա­ժեշտ է, որ ծրագ­րաւորումի յատուկ աշխատանք կատարուի կա­ռոյց­ներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ՝ կրկնու­թիւն­ներէ ու բաց­թո­ղումներէ խուսափելու համար։

2) Գաղութներէն ներս մարդուժի համախմբումը կը նկատենք ան­յե­տաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Համախմբումը կարելի է կատա­րել երկու հանգրուաններով։ Առաջին հան­գրուանին կը մասնակցի գա­ղութէն ներս գործող մարդուժը եւ երկրորդ հանգրուանին՝ նաեւ գա­ղութէն հեռու մնացած մարդուժը։

3) Բոլոր պարագաներուն համախմբումները անհրաժեշտ է որ կազմակերպուին յստակ օրակարգի մը հիման վրայ։ Հարկ է լսել ներկաներուն տեսա­կէտ­ները, մտա­հոգութիւնները ու առաջարկ­ները, եւ ապա միասնա­բար գաղութին հզօրացման առնչուած ընդ­հանուր ուղե­գիծ մը ճշդել՝ առաջնահեր­թու­թիւններու յստակեցումով ու աշ­խատանքի բաժանու­մով։

4) Հարկ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդ-երիտա­սարդուհիներու մասնակցութեան՝ ներառելով յատկապէս համալսա­րա­նա­­կան­­ներն ու համալսարանաւարտները։

5) Անհրաժեշտ է որոշ առիթներով եւ նոյնիսկ հանգրուանային կերպով գաղութին մարդուժը համախմբող հաւաքներ կազմակեր­պել՝ քննար­կելու թէ՛ գաղութին հետ աղերս ունեցող ընդ­հանուր ծրա­գիրներ եւ թէ համասփիւռքեան ու համազգային մտա­հոգութիւններ ու մար­տահրաւէրներ։

6) Գաղութի մը մարդուժին ամբողջական ցանկագրումը կը նկա­տենք խիստ անհրաժեշտ։ Աշխատանք մը, որ ներառէ հիմնական տե­ղեկութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն փոխանակել այլ գա­ղութ­ներու հետ, համասփիւռքեան տարողութեամբ մարդուժի ամ­բող­ջա­կան պատկերը ունենալու համար։

7) Թելադրելի է, որ յիշեալ յոյժ կարեւոր աշխատանքներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն թեմական, կուսակցական, կրթա­կան, երիտասարդական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կա­ռոյցներու գործա­դիր մարմինները։

8) Ինչպէս յայտնեցինք, մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ կը պահանջէ նիւթական յանձնառութիւն։ Համայնական այս ճիգին մէջ մեր ունեւոր ազգայինները պարտաւոր պէտք է զգան այս ուղղու­թեամբ կարեւոր ներդրում կատարելու, հիմնադրամներու հաստա­տու­մով կամ տարեկան նպաստ­ներու յատկացումով՝ ընդհանրապէս մարդու պատրաստու­թեան լծուած ծրագիրներուն եւ մասնաւորա­բար այն կառոյցներուն, որոնք կը ծառայեն նոյն նպատակին համար։

9) Մեր թեմերը ու կառոյցները իրենց գործունէութեան օրակար­գին վրայ կարեւոր տեղ պէտք է յատկացնեն մարդուժի պատրաս­տութեան հետ աղերս ունեցող նախաձեռնութիւններուն ու աշխա­տանքներուն։

Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման աշխա­տանք­ները յղացողը, ծրագրողը եւ գործադրողը մեր մարդուժը պիտի ըլլայ։ Արդ, որքա՜ն էական է մարդուժը մեզի համար եւ հետեւաբար՝ որքա՜ն հրամայական եւ անյետաձգելի մարդուժի պատրաստու­թիւնը։

Այս մտածումներով ու սպասումով, հայրական ջերմ սի­րով կ’ող­ջունենք ձեզ, եւ կը վստահեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կա­թո­ղի­կոսութիւնը միշտ պատրաստ է զօրակից ու գործնապէս մաս­նա­կից դառնալու մարդուժի պատրաստութեան նուիրական առաքե­լու­թեան։

Հայրապետական օրհնութեամբ,

­Աղօ­թա­րար՝

 

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ
ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

1 Յունուար, 2024
Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան

ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀՌՉԱԿՈՒՄՆԵՐ

2003 − «Աստուածաշունչի Տարի»

2004 − «Հայ Ընտանիքի Տարի»

2005 − «Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի»

2006 − «Հայ Դպրոցի Տարի»

2007 − «Հայ Լեզուի Տարի»

2008 − «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի»

2009 − «Երիտասարդութեան Տարի»

2010 − «Հայ Կնոջ Տարի»

2011 − «Հայ Մանուկի Տարի»

2012 − «Հայ Գիրքի Տարի»

2013 − «Հայ Մօր Տարի»

2014 − «Տարեցներու Տարի»

2015 − «100-ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան» (կոնդակ)

2016 − «Ծառայութեան Տարի»

2017 − «Վերանորոգման Տարի»

2018 − «100-ամեակ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան» (կոնդակ)

2019 − «Հայ Մամուլի Տարի»

2020 − «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»

2021 − «Արցախի Տարի»

2022 − «Սփիւռքի Տարի» (Ա.)

2023 − «Սփիւռքի Տարի» (Բ.) Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում

2024 − «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»