ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՁԵՌՆԱՐԿ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 21 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ), որուն կը մասնակցէր նաեւ Ս. Աստուածածին եւ Շողակաթ եկեղեցին (Պելվիլ, Իլինոյ)։
Յաճարտ Ս. Պատարագի, զոր մատուցանեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, տեղի ունեցաւ հանրային ձեռնարկ, որուն գլխաւոր բանախօսն էր Թերեզա Երիմեան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն։ Խօսք առին նաեւ երկու եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց ատենապետները, ինչպէս եւ եղբ. Եֆրեմ Ուփարթ՝ Սէնթ Լուիզի կաթողիկէ առաջնորդարանի միջ-եկեղեցական գրասենեակէն։