ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԸ ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ԴԷՄ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմակերպութեամբ ժողովրդային հաւաք մը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման առիթով, պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ մեր թիւով հայորդիներու մասնակցութեամբ։
Հաւաքին նախորդած էր տպաւորիչ ջահերթ մը Պուրճ Համուտէն մինչեւ Կաթողիկոսարան։ Երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց պաշտօնական խօսքին մէջ շեշտեցին Ապրիլ 24-ի նշանակութիւնը իբրեւ յիշողութեան, բայց նաեւ արդարութեան պահանջի արտայայտութիւն։
Վեհափառ Հայրապետը իր ոգեշունչ պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդին, ընդգծելով, որ «Ապրիլ 24-ը սոսկ նահատակներու ոգեկոչումի օր չէ, այլ մեր պահանջատիրական կամքը առաւել ամրացնելու կոչ է»։ Ան ըսաւ, որ այնքան ատեն, որ Թուրքիա եւ իր «կրտսեր եղբայր» Ատրպէյճան կը շարունակեն ուրանալ իրենց գործած համամարդկային ոճիրները, խեղաթիւրել հայոց պատմութիւնը, ոչնչացնել հայոց դարաւոր հետքերը, եւ այնքան ատեն, որ արցախահայութիւնը պոկուած կը մնայ իր հողերէն, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը։ «Այսօր, երբ Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը վայելող Ատրպէյճանը Հայաստանի ամբողջականութիւնը հարցականի տակ դնող եւ անվտանգութիւնը խախտող պահանջներ կը ներկայացնէ ու կը սպառնայ նոր տարածաշրջաններ գրաւել Հայաստանէն, կ’արհամարհէ միջազգային օրէնքի սկզբունքները եւ կ’անտեսէ իր ստորագրած համաձայնագրերը, ու երբ Թուրքիան, իր կարգին, կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ մեր ազգի ու հայրենիքի հիմնարար արժէքներուն ու իտէալներուն առնչուած յօդուածներ ջնջել ու վերջ տալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդման, հայ երգին բառերով բարձրաձայն կ՚ըսենք՝ «Հիմի՞ էլ լռենք, երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել մեր կրծքին…», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ան յորդորեց հայ ժողովուրդը արթուն մնալու տեղի ունեցած համաթուրանական նոր դաշնութիւններուն դիմաց, որոնց նպատակը Հայաստանի գոյութիւնը վտանգել է։ Ան յայտարարեց կտրուկ մերժումը՝ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգող բանակցութիւններուն, միակողմանի զիջումներուն եւ պարտադրուած կացութիւնները ընդունելու վտանգալից մօտեցուներուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց, որ աշխարհէն գութ ու արցունք չսպասուիր, այլ կը պահանջուի արդարութեան վերականգնում եւ միջազգային օրէնքի գերակայութիւն. «Մենք պատմութիւն կերտեցինք, հայրենիք պահեցինք, մշակոյթ ստեղծեցինք, նոյնիսկ արեան գնով, «ո՛չ» ըսելով բոլոր տեսակի համակերպումներուն: Կը պահանջե՛նք Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ եւ անոր իրաւունքներուն վերականգնումը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ: Կը պահանջե՛նք Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած բոլոր գերիներուն առանց պայմանի շուտափոյթ ազատ արձակումը: Կը պահանջե՛նք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան դատապարտումը՝ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ, եւ՝ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցումը», պահանջեց Վեհափառ Հայրապետը։
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս մէջբերեց Թուրքիոյ նախագահին քանի մը ժամ առաջ տուած պատասխանը թղթակիցներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած հարցումին. «Մոռցէ՛ք անհիմն յիշողութիւնները եւ երեւակայական պատմութիւնները»։ Առ այդ, մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու սրբազան աճիւններուն դիմաց կանգնած, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին՝ հարց տալով. «Պարոն նախագահ, ուրկէ՞ եկան այս աճիւնները մեր նահատակներուն։ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս քու պապերուդ կողմէ ջարդուեցան մեր պապերը։ Պատմութիւնը կը վկայէ, նոյնիսկ թուրք պատմագէտներու կողմէ, թէ ինչ որ կատարուեցաւ 1915-ին ի՛մ պապերուս դէմ քո՛ւ պապերուդ կողմէ, Ցեղասպանութիւն էր՝ ծրագրուած ու գործադրուած պետական մաշտապով»։ Իսկ պատասխանելով վերոյիշեալ հարցազրոյցին մէջ Թուրքիոյ նախագահի Հայաստանը Սփիւռքին եւ Սփիւռքը Հայաստանին հակադրելու անիմաստ փորձերուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Պարոն նախագահ, մի՛ փորձեր Սփիւռքը հակադրել Հայաստանին։ Հայաստան եւ Սփիւռք՝ մէ՛կ ամբողջութիւն է, մենք մէ՛կ ազգ ենք՝ մէ՛կ պահանջատիրութեամբ։ Հետեւաբար, արթո՛ւն եղիր, ժողովուրդ հայոց, Կովկասէն ներս համաթուրանական նոր դաշնակցութեան մը կազմաւորումով Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը փորձեն իրենց օղակին մէջ խեղդել Հայաստանը։ Հայաստանի ցեղասպան դրացիները խաղաղութեան հաստատման համար պայմաններ դնելով՝ փաստօրէն կը սպառնան Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, նոյնիսկ՝ գոյութեան»։
Վերջապէս, Վեհը թելադրեց համախմբուիլ ազգի ու հայրենիքի սրբազան արժէքներուն, համահայկական օրակարգի մը եւ անվիճելի իրաւունքներուն շուրջ, Հայաստանի փրկութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով։