ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏԻ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԳԵՐՊ. Տ. ՊՕՂՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆԻՆ
Կիրակի, 28 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի պաշտօնակալութեան որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա)։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հանդիսավարութեամբ՝ հոգաբարձութեան անդամ Լիտիա Առաքելեանի։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Մայքլ Ինճէեան, բարի գալուստ մաղթեց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանին։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին ջերմ ընդունելութեան համար, ինչպէս եւ փափաքը, որ իր պաշտօնավարութիւնը հեզասահ ընթացք մը ունենայ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հայր Սուրբին արժանիքները որպէս տեսուչ Դպրեվանքի, հովիւ Կլենվիւի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ եւ ատենապետ Կրօնական Ժողովի։ Խօսքը ուղղելով ծխականներուն, ասացուածք մը մէջբերելով ըսաւ. «Երէկը պատմութիւն է, վաղը՝ առեղծուած, բայց այսօրը Աստուծոյ ընծան է»։ Ուստի, քաջալերեց, որ բոլոր ծխական մարմիններն ու քոյր կազմակերպութիւնները թեւ ու թիկունք կանգնին Հայր Սուրբին, մաղթելով որ իր փորձառութեամբ առաւել եւս զօրացնէ եւ բարգաւաճեցնէ գաղութը։
Հիւրասիրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլի առիթով քայլարշաւը։