«Դժոխքէն դրախտ» Քղի (Էրզրումի նահանգ) ծնած Արմենակ Պետիկեան-Անդրանիկեանի կեանքին առաջին երեք տասնամեակներուն (1893-1920) յուշագրութիւնն է։
Արմենակ Անդրանիկեանի այս յուշերը շատ կարեւոր են որպէս չափահաս եւ ականատես անձի վկայութիւն։ Նախ՝ շահեկան են ցեղասպանութենէն առաջ Քղիի աւելի քան երեք տասնեակ գիւղերու մէջ, քիւրտերու կողքին ապրող հայ բնակչութեան մասին իր տուած տեղեկութիւնները. ապա՝ շատ կարեւոր են Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող իր պատմած դէպքերը։ Քիւրտերու մէջ ապրած ըլլալով, ան վկայած է անոնց աղէտաբեր մասնակցութիւնը ցեղասպանութեան մէջ։
Վերջապէս, պատմութեան համար կարեւոր է նաեւ իր նկարագրութիւնը Կարին-Էրզրումի ինքնապաշտպանութեան մասին (1917-1918), անկէ զանգուածային նահանջին դէպի Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ, ինչպէս նաեւ Զօրավար Անդրանիկի կամաւորական բանակին, մինչեւ հիւսիսային Պարսկաստան անոր կատարած արկածախնդրական արշաւանքին մասին։