Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները Յունիս 2023-Մայիս 2024 ժամանակաշրջանին 12 ժողովներ գումարած են, մեծաւ մասամբ՝ առցանց, բայց նաեւ եռամսեայ անձամբ ժողովներով Ազգային Առաջնորդարանի մէջ։ Ազգային Վարչութեան վերջին ժողովը՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովէն առաջ, բացառաբար գումարուեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) գրասենեակին մէջ, Ուրբաթ, 3 Մայիսին եւ Շաբաթ, 4 Մայիսին։