ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ուրբաթ, 10 Մայիսին վզի ողնաշարի գործողութեան ենթարկուեցաւ Նիւ Եորքի Քորնէլ հիւանդանոցին մէջ, ձեռամբ բազմավաստակ ջղավիրաբոյժ Roger Hartl-ի։
Սրբազան Հայրը ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած էր Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 1985-ին, երբ Թեմէս ներս կը ծառայէր որպէս քարոզիչ Ֆիլատելֆիոյ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Այդ օր, ան մաս կը կազմէր Նիւ Եորքի Ս․ Սարգիս եկեղեցւոյ հողօրհնէքի արարողութեան շքախումբին։ Արկածէն կրած վզի ողնաշարի խախտումը հետզհետէ բարդացած ըլլալով, նեարդի մասնագէտներու եւ ջղավիրաբոյժներու խորհրդակցութեամբ, Սրբազան Հայրը յօժար եղաւ ներկայի գործողութիւնը ունենալ։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր բնակարանին մէջ ապաքինման շրջանի մէջ ըլլալով, հեռակայ կը վարէ հոգեւոր թէ վարչական իր պարտականութիւնները, յանձնառու մնալով իր ծառայութեան։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ամենաբոյժ, Բարեխնամ երկնաւոր Հօր, բժշկական յանձնախումբին, Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի հոգեւոր թէ աշխարհական պաշտօնակիցներուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աղօթքներով հեզասահ դարձուցին գործողութեան եւ ապաքինման ընթացքը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ