ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ (մահ՝ 23 Մայիս, 1960)
«Նեմեսիս» գործողութեան ամենէն կարեւոր իրադարձութիւնը եղած է հայ ժողովուրդի գլխաւոր դահիճներէն մէկուն՝ Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը Պերլինի մէջ, որ իրագործուած է 24 տարեկան վրիժառու՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ իրաւամբ կը համարուի ազգային հերոս։
Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 2 Ապրիլ 1896-ին Երզնկայի գաւառի Բագառիճ գիւղը, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Ապա ուսումը շարունակած է տեղւոյն աւետարանական (1905-1906) եւ Երզնկայի Կեդրոնական (1907-1912) վարժարաններուն մէջ: 1913-ին մեկնած է Պելկրատ (Սերպիա), ուր հայրը կը զբաղէր սուրճի վերամշակութեամբ եւ վաճառականութեամբ, ինչ որ ընտանեկան առեւտրական ասպարէզն էր: Առաջին Աշխարհամարտի սկզբնաւորութեան մեկնած է Արեւելեան Հայաստան, ուր մասնակցած է կամաւորական շարժման, անդամակցելով Անդրանիկի գունդին։ Մայիս 1915-ի վերջը Թեհլիրեան հայ կամաւորներու եւ ռուսական բանակին հետ մտած է Վան։ Քաղաքի ազատագրումէն ետք, ան ականատես դարձած է հայութեան բռնագաղթին։ Հազարաւոր հայ գաղթականներու հետ հասած է Իգդիր, ապա` Երեւան: Քաղաքներու Միութեան մասնաճիւղերէն մէկը Երեւանի մէջ իրեն տուած է որբահաւաքի պաշտօն։ Ջարդերէն եւ բռնագաղթէն վերապրողներու պատումները շատ խոր անդրադարձ ունեցած են իր հոգեկան աշխարհին վրայ։
Յուլիս 1915-ին Երզնկայի հայ բնակչութեան կոտորածները սկսած են։ Թեհլիրեաններու 85 հոգինոց գերդաստանէն, ներառեալ` Սողոմոն Թեհլիրեանի 17 անդամներէ բաղկացած ընտանիքէն ազատած է միայն Սողոմոնի աւագ եղբօր աղջիկը, որ աւելի ուշ վճարումով փրկուած է քիւրտերէն, ինչպէս եւ հայրը, երկու եղբայրները եւ հօրեղբայրը, որոնք Սերպիա կը գտնուէին։ 1916-ին Երզնկա հասած է, վերահասու դառնալով իրենց հօրենական տան պարպումին։
1916-1918-ին միացած է Սեբաստացի Մուրատի խումբին, որ զբաղած էր հայերու փրկութեամբ, եւ մասնակցած է կովկասեան ճակատի ռազմական գործողութիւններուն, մինչեւ որ վիրաւորուած է Սարիղամիշի մօտ Ապրիլ 1918-ին։ Յուլիսին կազդուրուելէ ետք, տարուան վերջաւորութեան անցած է Պոլիս՝ ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթ փաշան սպաննելու մտքով։ Թալէաթ արդէն փախուստ տուած էր Գերմանիա։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով, 1919-ին ահաբեկած է թուրք ոստիկանութեան լրտես ու մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանը։
Ապա մեկնած է Փարիզ ու Ամերիկա, ուր Թալէաթի ահաբեկման ուղղութեամբ ցուցմունքներ ստացած է «Նեմեսիս» գործողութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Արմէն Գարոյի կողմէ։ Ժընեւ երթալէ ետք, Դեկտեմբեր 1920-ին ժամանած է Պերլին, եւ երեք ամսուան հետապնդումէ ետք, 15 Մարտ, 1921-ին, Պերլինի Շառլոթենպուրկ թաղամասի Հարտէնպէրկ փողոցին մէջ ահաբեկած է Թալէաթը եւ անմիջապէս ձերբակալուած։ 2 Յունիս, 1921-ին տեղի ունեցած դատավարութեան, գերմանական դատարանը զինք անպարտ հռչակած է։ Թալէաթի սպանութիւնն ու Թեհլիրեանի անպարտ հռչակումը համատարած խանդավառութեան ալիք մը ստեղծած է հայութեան մէջ ամէնուրեք։
Դատավարութենէն ետք, Թեհլիրեան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ ու այնուհետեւ՝ Սերպիա (Եուկոսլաւիոյ թագաւորութեան մաս), իր անունը վերածելով Սարօ Մելիքեանի, որով ապրած է մինչեւ մահ։ Ամուսնացած է Անահիտ Թաթիկեանի հետ ու Սերպիա՝ ապրած մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտը։ Վահան Մինախորեանին թելադրած է իր յուշերը, որոնք լոյս տեսած են 1953-ին «Վերյիշումներ» խորագրով։
Համայնավարութեան հաստատումով Եուկոսլաւիա եւ տեղի ունեցած գոյքերու բռնագրաւումէն ետք, Թեհլիրեան եւ իր ընտանիքը երկրէն մեկնած եւ հաստատուած են նախ Գազապլանքա (Մարոք), 1950-1955-ին, եւ ապա՝ Փարիզ (1955-1957)։ 1957-ին անցած են Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Սան Ֆրանսիսքօ, ուր Թեհլիրեան հաշուապահութեան պաշտօնով աշխատած է Ճորճ Մարտիկեանի «Օմար Խայեամ» ճաշարանին մէջ, միաժամանակ շարունակելով իր ազգային եւ կուսակցական ծառայութիւնը։
Մահացած է 23 Մայիս, 1960ին, եւ թաղուած՝ Ֆրէզնոյի «Արարատ» հայկական գերեզմանատան մէջ, ուր կառուցուած է յուշարձան իր գերեզմանին վրայ։ Նաեւ յուշարձաններ կառուցուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ։