Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍՏԵՓԱՆ ԶԱՏԻԿԵԱՆ (ծնունդ՝ 20 Յունիս, 1946)

Խորհրդահայ այլախոհ Ստեփան Զատիկեան Ազգային Միացեալ Կուսակցութիւն ընդյատակեայ կազմակերպութեան հիմնադիրներէն մէկը եղած է եւ Մոսկուայի «մեթրոյի գործ»ով գլխաւոր ամբաստանեալը։

Զատիկեան ծնած է 20 Յունիս, 1946-ին, Երեւանի մէջ։ 1963-ին ոսկէ մետալով աւարտած է Միքայէլ Նալբանդեանի անուան միջնակարգ դպրոցը եւ նոյն տարին ընդունուած է Երեւանի պոլիտեխնիկական հիմնարկի (այժմ՝ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարան) քիմիագիտութեան ճիւղը։

24 Ապրիլ, 1965-ին մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին նուիրուած ցոյցերուն, իսկ յաջորդ օր, երբ գացած է Երեւանի քաղաքային պանթէոն՝ ծաղիկներ դնելու Կոմիտաս Վարդապետի շիրիմին, ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ եւ 15 օր պահուած՝ նախնական կալանքի մէջ։ Հոն ծանօթացած է նոյն պատճառով բանտարկուած Հայկազն Խաչատրեանի հետ։ Որոշած են համագործակցիլ եւ 24 Ապրիլ, 1966-ին, Զատիկեան, Խաչատրեան եւ ուսանող Շահէն Յարութիւնեան հիմնած են ընդյատակեայ Ազգային Միացեալ Կուսակցութիւնը (ԱՄԿ), որուն շուրջ հետագային համախմբուած է շարք մը ընդյատակեայ երիտասարդական կազմակերպութիւններ։ Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած է Հայկազ Խաչատրեանը՝ իբրեւ տարիքով ամենամեծը։ Զատիկեան անդամ ընտրուած է կուսակցութեան ղեկավար մարմնի՝ Գլխաւոր Խորհուրդին։ Ան հեղինակած է կանոնադրութիւնը եւ գործունէութեան ծրագիրը։ Խմբագրած է «Փարոս» ընդհատակեայ թերթի առաջին թիւը (24 Ապրիլ, 1967), որ լոյս տեսած է միայն երկու համարով։

«Փարոս»ի հրատարակութեան առիթով սկսած հալածանքները շուտով տարածուեցան ղեկավարութեան վրայ։ Զատիկեան, որ այդ ժամանակ հինգերորդ դասարանի ուսանող էր, ձերբակալուած է 9 Յուլիս, 1968-ին։ Մեղադրուած է հակախորհրդային քարոզչութեան եւ հակախորհրդային կազմակերպութեան մասնակցելու յանցանքներով եւ դատապարտուած՝ 4 տարուան բանտարկութեան։ Սկզբնապէս պատիժը կրած է Մորդովիայի քաղաքական ճամբարին մէջ, իսկ 1970-ին հացադուլի դիմելու պատճառով ուղարկուած է Վլադիմիրի կեդրոնական բանտ։ Յուլիս 1972-ին Զատիկեան ազատ արձակուած է եւ վերադարձած՝ Երեւան, ուր գտնուած է ոստիկանութեան վերահսկողութեան տակ, արգիլուելով երեկոյեան ժամը 5:00-էն ետք տունէն բացակայիլ։ Իրեն թոյլ տրուած չէ համալսարանը աւարտել եւ ստիպուած է աշխատիլ կիսահաղորդիչներու գործարանին մէջ։ 1974-ին ամուսնացած է Սոնա Հայրիկեանի հետ (Պարոյր Հայրիկեանի քոյրը) եւ ունեցած՝ երկու զաւակներ (ընտանիքը այժմ Միացեալ Նահանգներ կ՚ապրի)։

1975-ին քաղաքացիութենէ հրաժարած է եւ դիմում ներկայացուցած է՝ Խորհրդային Միութենէն հեռանալու, սակայն իշխանութիւնները դիմումը մերժած են։

8 Յունուար, 1977-ին Մոսկուայի գետնուղիին (մեթրօ) մէջ տեղի ունեցած է պայթիւններու շարք մը, որուն հետեւանքով 7 հոգի մահացած են եւ 38՝ վիրաւորուած։ Դէպքին յաջորդ օրը, Անտրէյ Սախարով՝ խորհրդային նշանաւոր գիտնականն ու այլախոհ քաղաքական գործիչը, կասկած յայտնած է, որ պայթիւնները կազմակերպուած են ՔԿՊ-ի կողմէ, զանոնք օգտագործելով այլախոհական շարժման մասնակիցներուն դէմ։

Նոյն տարուան 28 Հոկտեմբերին, Ստեփան Զատիկեան, Յակոբ Ստեփանեան եւ նկարիչ Զաւէն Բաղդասարեան ձերբակալուած են պայթիւնը իրականացնելու մեղադրանքով։ Զատիկեան ներկայացուած է իբրեւ կազմակերպիչ։ Նախաքննութիւնն ու դատաքննութիւնը տեղի ունեցած են խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ, եւ նոյնիսկ ամբաստանեալներու հարազատները դատավճռին ներկայ չէին։ Նախաքննութիւնը տեւած է աւելի քան տարի մը։ Դատը տեղի ունեցած է Յունուար 1979-ին, գաղտնի պայմաններու մէջ (ստոյգ օրը այդ պատճառով յայտնի չէ)։ 24 Յունուարին, Զատիկեան, Ստեփանեան եւ Բաղդասարեան մահուան դատապարտուած են, իսկ 29 Յունուարին՝ մահապատիժի ենթարկուած։ Դատավճիռի իրականացման շտապ բնոյթը կասկածներու տեղի տուած է նաեւ ամբողջ գործին արուեստականօրէն ստեղծուած ըլլալուն մասին։

«Մեթրոյի գործ»ին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները մինչեւ այսօր գաղտնի կը մնան ՔԿՊ-ի արխիւին մէջ։ Խորհրդային Միութեան կազմալուծումէն եւ Հայաստանի անկախացումէն ետք Զատիկեան դեռեւս կը մնայ չարդարացուած։