«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՈՒ ԱՋԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ
30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը իր հերթական ծրագիրը ամբողջացուց։
Տեսչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծրագրի դասատուներուն ու խորհրդատուներուն, որ սիրայօժար դասաւանդեցին եւ ընդհանրապէս օգտակար եղան այս ծրագրի յաջողութեան։
Այս տարի, լսարանի անձնակազմին մաս կը կազմէին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (տեսուչ), Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, Արժպ. Տ. Ստեփան Պալճեան, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան (Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն), Յարութ Սրկ. Թագւորեան (խորհրդական), երէցկին Մակի Գույումճեան (դասատու եւ խորհրդական), Նայիրի Պալճեան, Յակոբ Քէչէճեան, Նշան Գույումճեան, Թալին Լագիսեան, Թամար Լագիսեան եւ Աննա Թէքէեան (խորհրդականներ)։
Լսարանը գնահատանքի իր խօսքը կը յայտնէ այն ծուխերուն, որոնք ծախսերուն մէկ մասը ծածկեցին՝ կարգ մը եկեղեցւոյ ծառաներու մասնակցութիւնը ապահովող կրթաթոշակներով, ինչպէս եւ հետեւեալ կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն իրենց նիւթական աջակցութեան համար. ՀՕՄ-ի «Անի» եւ «Արտեմիս» մասնաճիւղեր (Փէնսիլվէնիա), Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Արմէն Գարօ» կոմիտէ (Նիւ Եորք), ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղ (Նիւ Եորք), Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութիւն, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւն, Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. եւ երէցկին Մակի Ագթաւուգեան, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. եւ երէցկին Մակի Գույումճեան, Բարշ. Վարդան Սրկ. եւ տիկ. Հայկանոյշ Գարաքէլեան, Բարշ. Յովիկ Սրկ. Չափանեան, տէր եւ տիկ. Ճէյմզ եւ Նայիրի Պէլ, տիկ. Սիւզըն Ալեմեան Պենթլի, դատաւոր Տէյվիտ եւ տիկ. Սիւզըն Էրիքսըն, տէր եւ տիկ. Մայքլ եւ Հելեն Հուսլա, տէր եւ տիկ. Անդրանիկ եւ Մատոննա Գզիրեան, օրդ. Թալին Լագիսեան, օրդ. Թամար Լագիսեան, տոքթ. Ալթա Միքայէլեան, տէր եւ տիկ. Մարք եւ Սիլվա Սանթերեան։
Յատուկ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանին, եւ հոգաբարձութեան, Կիրակի, 7 Յուլիսին մատուցուած հիւրընկալութեան համար։
«Տաթեւ» հիմնադրամը, իր կարգին, լսարանի ծախսերու մէկ մասը հոգաց։ Անոնք, որ կը փափաքին իրենց նպաստը բերել «Տաթեւ» հիմնադրամին, կրնան իրենց նուիրատուութիւնները ղրկել Ազգային Առաջնորդարանին։ Վճարագիրները պէտք է գրել Datev Institute-ի անունին։
Աշակերտներու տպաւորութիւնները կարդալու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։
Լսարանի լուսանկարներու ալպոմը դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։