Խմբագրական

ՉԱՐԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ ՉԱՐ ՀԱՏՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Այս Շաբաթ օր, մեր եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Եփեսոսի տիեզերական ժողովի երկու հարիւր սուրբ հայրապետները։ Այս տօնը աստուածաբանական էական նշանակութիւն ունի եւ այդ պատճառով մաս կը կազմէ մեր տօնացոյցին։

Կ՚արժէ ընդգծել անոր կարեւորութիւնը մեր օրերուն, շատոնց լուծուած եւ ընդունուած վարդապետական հարցերէ անդին։ Եփեսոսի տիեզերական ժողովի մասնաւոր մէկ կէտը՝ միջ-եկեղեցական մօտեցումը, տիրական է։

Վաղ եկեղեցին արդէն վէճերով եւ կողմնակալութիւններով հարուստ էր, բայց այդ վիճակը չյաջողեցաւ յաղթել կամեցողութիւնը՝ միութիւն փնտռելու մեր հասարակաց հաւատքին եւ այդ հաւատքին էութիւնը խտացնող սկզբունքին մէջ. Աստուած սէր է։

Մինչ աշխարհը վերստին կ՚իջնէ ստորնութեան նոր մակարդակներու, իսկ Սուրբ Տեղեաց լայնատարած աշխարհագրութիւնը կ՚իյնայ պատերազմի ու վայրագութեան ծիրին մէջ, անյետաձգելի մեր պարտականութիւնը կը հանդիսանայ ձգտիլ բուժելու վէրքեր, զորս պատմութեան երթը բացած է իր ճանապարհին, քրիստոնեաներ եւ մարդկային էակներ իրարմէ օտարելով՝ անկախաբար աշխարհագրութենէ կամ հաւատքէ, եւ ձգտիլ խաղաղութիւն հաստատելու երկրագունդին վրայ։

Բանալին կը գտնենք Պետրոսի առաջին թուղթին մէջ (3.9-10), որ կը պահանջէ յաղթահարել մեր յոռեգոյն բնազդները.

«Չարին փոխարէն չար մի՛ հատուցանէք, ոչ ալ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք. ընդհակառակը՝ օրհնեցէ՛ք. Աստուած ատոր համար կանչեց ձեզ, որպէսզի դուք ալ օրհնութիւն ժառանգէք։ Որովհետեւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.

Ով որ կ՚ուզէ կեանքը սիրել

Եւ բարի օրեր տեսնել,

Թող իր լեզուն պահէ եւ չարութիւն չխօսի,

Թող իր շրթները փակէ եւ նենգութիւն չխորհի.

Թող չարէն հեռանայ եւ բարիք գործէ,

Թող խաղաղութիւն կամենայ ու զայն հետապնդէ»։