Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՇՈՂԱԿԱԹԻ ՏՕՆ
Շաբաթ, 17 Օգոստոսին, Ս. Էջմիածնի Շողակաթի տօնն է, որ միշտ տեղի կ՚ունենայ Վերափոխման տօնի նախորդ Շաբաթ օրը։ Շողակաթը կ՚ակնարկէ լոյսի ճառագայթներու տեսիլքին, որուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ականատես եղաւ, երբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի տեղը ընտրեց։ Տօնը կը նշուի Վերափոխման ժամանակին որովհետեւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը անունակոչուած է ի պատիւ Աստուածամօր, թէեւ տարիներու ընթացքին ծանօթ դարձած է Էջմիածին անունով։ Տօնին «Շողակաթ» մակդիրը կապուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքին հետ. Լուսաւորիչը տեսած է, թէ ինչպէս լոյսի շողեր կը կաթին երկինքէն։