Մեր ծուխերէն

ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՄԱՏԱՂ՝ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Ս. Վարդանանց եկեղեցին (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) իր տարեկան դաշտահանդէսն ու խաղողօրհնէքը կատարեց Կիրակի, 4 Օգոստոսին, եկեղեցւոյ շրջապատին մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, միասնաբար կատարեցին խաղողօրհնէքն ու մատաղի օրհնութիւնը։