ԱՐՄԱՆ ԿՈԹԻԿԵԱՆ (մահ՝ 3 Հոկտեմբեր, 1968)
Արման Կոթիկեան՝ բանաստեղծ ու թարգմանիչ, առաւելաբար յայտնի եղած է իբրեւ դերասան, կէս դարու գործունէութիւն մը ունենալով հայ բեմի վրայ։
Բուն անունով՝ Առաքել Կոթիկեան, ծնած է Տրապիզոն, 27 Սեպտեմբեր, 1896-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծովափնեայ Էլեւի աւանին մէջ, ուր անոր ընտանիքը կ՚ապրէր։ Ապա, փոխադրուելով Տրապիզոն, աւագ եղբօր՝ Գէորգի քով, ուսումը շարունակած է ազգային վարժարանին մէջ։ Անոնց բազմանդամ ընտանիքն ալ տեսած է ցեղասպանութեան արհաւիրքը, որմէ փրկուած են միայն ապագայ դերասանը, քոյրը եւ եղբայրը։
1916 թուականին ռուսական զօրքի կողմէ Տրապիզոնի գրաւումէն ետք, Արման Կոթիկեան զբաղած է որբահաւաքով, մասնակցած է Տրապիզոնի աղջկանց վարժարանի շէնքին մէջ որբանոց-դպրոցի ստեղծման եւ հայոց լեզու եւ պատմութիւն դասաւանդած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Նաեւ եղած է Տրապիզոնի Հայկական Կոմիտէի վերաքննիչ մարմնի անդամ։ Մարտ 1917-ին տեղափոխուած է Սուխումի՝ քրոջ քով։ Նոյն տարին, Թիֆլիսի հայկական մամուլին մէջ տպագրած է յօդուածներ Տրապիզոնի նահանգի անցեալին ու ներկային, հանրային, քաղաքական ու տնտեսական վիճակին, մարդկային ու նիւթական կորուստներուն մասին։ Ան նաեւ գրած ու հրատարակած է վերապրողներու յուշեր։
1918-ին, Կոթիկեան ծանօթացած է յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Օվի Սեւումեանի հետ, որուն թատերախումբին հետ հիւրախաղերով շրջագայած է Կովկասի հայաշատ քաղաքները։ 1919-ին Ա. Արման գրչանունով հրատարակած է «Մխացող շուշաններ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ Նոյն թուականին, Օ. Սեւումեանի հետ մեկնած է Կ. Պոլիս։ Կարճ ժամանակ անց հաստատուած է Փարիզ, ուր 1925 թուականին աւարտած է համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը։
Փարիզի մէջ, Ա. Կոթիկեան բազմիցս մասնակցած է թատերական ելոյթներու, համագործակցած է «Հայ դրամատիկ»ի հետ, իսկ 1932-ին հիմնած է Հայ Ժողովրդական Թատրոնը։ 1935-ին հրատարակած է ««Ֆերդուսի Թուսի եւ իր Շահնամէն» աշխատասիրութիւնը։
1936-ին ներգաղթած է Հայաստան եւ նոյն տարին գործի անցած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ, ուր երկար տարիներ խաղացած է բազմաթիւ դերեր՝ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի, Լոփէ տէ Վեկայի, Ալեքսանդր Պուշկինի, Ֆրիտրիխ Շիլլէրի, Հենրիկ Իպսէնի, Յակոբ Պարոնեանի, Վրթանէս Փափազեանի, Շիրվանզադէի եւ այլ հեղինակներու բեմադրութիւններուն մէջ։ Գլխաւորաբար կատակերգակ դերասան եղած է, խօսքի շատ նուրբ երանգներով, ինքնատիպ զուարթախոհութեամբ եւ արտայայտիչ դիմախաղով ու շարժումներով։
Նկարահանուած է նաեւ շարժանկարներու մէջ՝ «Դաւիթ բէկ» (1944), «Անահիտ» (1947), «Հասցէատիրոջ որոնումները» (1955), «Նրա երեւակայութիւնը» (1959), «Նուագախմբի տղաները» (1960), «Տժվժիկ» (1961), «Մսէօ Ժակ եւ ուրիշները» (1963), «Կարինէ» (1967): 1967-ին ստացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսը։
1937-ին անդամակցած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։ 1946-ին, Արման Կոթիկեան հրատարակած է «Խութեցի Յովնան» վիպերգը, իսկ 1965-ին՝ «Ակօսներում» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։
Ֆրանսերէնէ թարգմանած է Կի տը Մօփասանի, Էտմոն Ռոսթանի, Լուի Արակոնի եւ Էմիլ Զոլայի գործերը։ Վիքթոր Հիւկոյի բանաստեղծութիւններու թարգմանութիւնը լոյս տեսած է մահէն չորս տասնամեակ ետք։ Հայերէնէ ֆրանսերէնի թարգմանած է Վահան Տէրեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի քանի մը բանաստեղծութիւններ, որոնք անտիպ մնացած են։
Մահացած է 3 Հոկտեմբեր, 1968-ին, Երեւանի մէջ։