ԽՕՍՔԷՆ ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
5 Նոյեմբեր, 2024-ին, ամերիկեան ժողովուրդը իր ձայնը լսելի դարձուց քուէատուփին ընդմէջէն։
Այժմ պարտաւոր ենք միասնաբար հաշուետու դարձնել մեր ընտրեալ պաշտօնատարները։
Իբրեւ ամերիկահայեր, պէտք է յստակօրէն տեսնենք մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Նորընտիր նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփի պաշտօնավարութեան շրջանին էր, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ձեռնարկեցին իրենց ցեղասպանական պատերազմին ընդդէմ Արցախի ժողովրդավար հանրապետութեան եւ հայ ազգին՝ Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 2020-ին, եւ անոր կառավարութիւնը անշարժ մնաց պատերազմի մը ընթացքին, որ հազարաւոր հայ զոհեր արձանագրեց եւ ի վերջոյ Արցախի անկման պատճառ հանդիսացաւ։
Անկէ առաջ, անոր կառավարութիւնը ընդդիմացած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Ծերակոյտի քուէարկութեան։ Մենատէրերու եւ ինքնակալներու մասին անոր դրուատալից արտայայտութիւնները աւելի եւս կը շեշտեն մեր զգօնութեան անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան վարչակարգերուն բնոյթը։
Ի յարգանս մեր զոհերուն եւ արժանապատուութեան խոր զգացողութեամբ տոգորուած, կը յուսանք, որ նորընտիր նախագահի հեռաձայնային զրոյցը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ անցեալ 1 Նոյեմբերին ամերիկահայ քուէներ որսալու կոչուած ընտրական պարզ խաղ մը չէր։ Մեր ակնկալութիւնն է, որ ան իր խօսքերը ճշմարիտ գործի վերածէ։
Ինչպէս ըսինք, այժմ պէտք է ամբողջովին ի գործ դնենք մեր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի, պահանջելով, որ մեր երկրի բարձրագոյն պաշտօնատարը յանձնառու ըլլայ այն արժէքներուն, որոնք Ամերիկան իսկապէս մեծ կը դարձնեն։
Թող Աստուած օրհնէ Ամերիկան։
Թող Տէրը բոլորիս օգնական ըլլայ։