ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան աւանդական տօնախմբութիւնը, որ նուիրուած էր բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ծառայութեան 40ամեակին Թեմէս ներս։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւնը Terrace on the Park համալիրին մէջ։ Թեմի տարբեր շրջաններէն (Շիքակոյէն, Պոսթընէն, Սփրինկֆիլտէն, Փրաւիտընսէն, Գընէթիքըթէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ուաշինկթընէն) եկած եկեղեցականներ, համայնքային ղեկավարներ եւ ծխականներ, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզի համայնքներուն կողքին, եկած էին իրենց երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը յայտնելու Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի երկարամեայ վաստակին ու ծառայութեան համար։
Յայտագրի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը ընթերցեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ Կրօնական Ժողովի փոխ-ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, խօսք առին ի գնահատում Սրբազան Հօր ծառայութեան։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ այս առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, իսկ աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութեան ու գնահատանքի սրտի խօսքը արտասանեց։
Յառաջիկայ շաբաթ յաւելեալ մանրամասնութիւններով եւ լուսանկարներով կ՚անդրադառնանք ձեռնարկին։