Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԿՈՉԸ՝ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ազգային Առաջնորդարանիս հովանաւորութիւնը վայելող Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Ամերիկայի եկեղեցիներուն շնորհած հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան աւարտին, կը պատրաստուէի ձեզ ուրախութեամբ ողջունելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը կանխող Յիսնակի շրջանին։ Աւա՛ղ, այս միջոցին իմացանք ահաւոր լուրը, թէ Հալէպ ապրող մեր եղբայրներն ու քոյրերը քաղաքական անակնկալ վերիվայրումի հետեւանքով կ՚ապրին սարսափի եւ անորոշութեան մէջ։

Բնակիչներուն արգիլուած է բացարձակապէս դուրս գալ իրենց տուներէն։ Աշխատանքային եւ դպրոցական բնականոն կեանքը դադրած է։ Բնակիչները նոյնիսկ արտօնուած չեն դրամատնային իրենց հաշիւէն գումարներ վերցնել։ Որքա՜ն ողբալի է, որ 2023-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք, թշուառութեան նոր ալիք մը կը սպառնայ հալէպահայ մեր սիրեցեալ հարազատներուն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջելով, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Առաջնորդարանները ձեռնարկած են հանգանակութեան՝ շուտափոյթ կերպով օժանդակութեան հասնելու հալէպահայ մեր հայրենակիցներուն, փրկելով զանոնք սովի ճիրաններէն։

Այս առթիւ, սրտագինս կը դիմենք ձեր ազնիւ հասկացողութեան եւ բարեսրտութեան, որպէսզի շտապ օգնութեան հասնինք մեր տառապակոծ եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Աղօթարար՝

 

 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ