Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏԱԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 15 Դեկտեմբեր, 1924)

Այս օրերուն կը նշուի 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ ժողովրդական երգի լաւագոյն մեկնաբաններէն մէկուն՝ Յովհաննէս Պատալեանի ծննդեան հարիւրամեակը։

Յովհաննէս Պատալեան ծնած է Համատան քաղաքին (Իրան) մօտ գտնուող Շաւարին գիւղը։ Ապագայ նշանաւոր երգիչին ընտանիքը Կարտապատ (Վարդապատ) գիւղէն կը ծագէր՝ Ուրմիոյ լիճի շրջանը։ Անոնք գաղթած էին Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին՝ 1915-ի թրքական արշաւանքէն ետք դէպի հիւսիս-արեւմտեան Իրան։

Մանկութիւնը անցուցած է Պաղտատ, ուր յաճախած է տեղւոյն ազգային վարժարանը, եւ 1936-ին վերադառնալով Իրան, սկսած է երգել երգահան Նիկոլ Գալէնտէրեանի երգչախումբին մէջ՝ Թեհրան, ուր նաեւ ուսանած է մաէսթրօ Համբարձում Գրիգորեանի հետ։ 1946-ին, իր երաժշտական ուսումն ու հեռանկարները զարգանելու նպատակով, հաստատուած է Հայաստան, ուր 1946-1949 թուականներուն ուսանած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, իսկ 1986-ին աւարտած՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը։ 1949-1954 թուականներուն Հայաստանի երգի-պարի պետական համոյթի մեներգիչ եղած է, իսկ 1954-2001-ին՝ Հայաստանի ձայնասփիւռի պետական կոմիտէի ժողովրդական գործիքներու համոյթի մեներգիչ։

1982-2001 թուականներուն դասաւանդած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ։ 1957-ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի, իսկ 1961-ին՝ ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսներուն։ 2000 թուականին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ զինք մեծարած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալով եւ Ամենայն Հայոց Երգիչ տիտղոսով, իսկ յաջորդ տարին՝ «Մովսէս Խորենացի» պետական շքանշանը ստացած է Հայաստանի մէջ։ Մահացած է Երեւանի, 19 Օգոստոս, 2001-ին։

Յովհաննէս Պատալեան բազմաթիւ շրջապտոտյներ կատարած է Խորհրդային Միութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ, նաեւ ելոյթներ ունենալով Եւրոպայի, Աւստրալիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ամէնուրեք։ Անոր  երգացանկին մաս կազմած են հայ դասական եւ ժամանակակից հեղինակներու, ժողովրդական եւ աշուղական երգեր։ Անոր մեկնաբանութիւնները աչքի զարկած են իրենց քնարականութեամբ եւ մեղեդային նուրբ ելեւէջներով։