ՏԱԿԼԱՍԹԸՆԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ
Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Ծննդեան համերգին, ուր ելոյթ ունեցաւ «Զուլալ» յայտնի եռեակը հայկական եւ կրօնական երգերով։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեանի գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը, որով հաւատացեալները կը հրաւիրուին աստիճանաբար ճաշակելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մեզի բերած բարի լուրը եւ գեղեցկագոյն նուէրը։