Առաջնորդարանէն

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Շաբաթ, 1 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հանդիպում ունեցաւ Երուսաղէմէն ժամանած Յակոբ Ճռնազեանի եւ Սեդրակ Պալեանի հետ, որոնք վերջին տարիներուն լծուած են հայկական թաղամասի իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Սոյն հանդիպումին ներկայ էին ներկայացուցիչներ էջմիածնական Թեմի Առաջնորդարանէն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն, Հայկական Համագումարէն, Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութենէն, Հայագիտական Ուսմանց Միութենէն եւ Արդարութիւն Հայաստանէն (Justice Armenia)։

Հանդիպման ընթացքին, զեկուցաբերները իրազեկ դարձուցին մասնակիցները Հայոց Պատրիարքարանի հողային տարածքի վերաբերեալ վերջին չորս տարիներու անցուդարձերուն։ Այս ուղղութեամբ, ներկաները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արդար դատի հետապնդման։