Առաջնորդարանէն

«Ս. ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Ազգային Առաջնորդարանի նորահաստատ «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» լսարանը իր պաշտօնական բացումը կատարեց Երեքշաբթի, 18 Փետրուարին, 44 ունկնդիրներու մասնակցութեամբ։ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ ծրագրի ուսումնական համակարգողը, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ նկարագրութիւն մը տուաւ դասընթացքի մասին, որ ծնունդ առած էր շնորհիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր անձնական նախաձեռնութեան եւ Ազգային Վարչութեան գործակցութեան։

Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ լսարանի տեսուչը, յանուն Կրօնական Ժողովին, ողջունեց ներկաները, յայտնելով, թէ ծրագիրը պիտի ծառայէ մեր ժողովուրդի զաւակներու կրօնական դաստիարակութեան։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարձրօրէն գնահատեց Հայր Սուրբը եւ Տէր Հայրը իրենց նախանձախնդիր կազմակերպական աշխատանքին համար։ Ան յայտնեց, թէ Նիկիոյ տիեզերական առաջին ժողովի 1700-ամեակին առիթով, ձեռնարկը լաւագոյն առիթը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի հաւատքի եւ ինքնութեան առաւել բիւրեղացման։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, որ սիրայօժար ընդունեց իր մասնակցութիւնը բերել, եւ յաջողութիւն մաղթեց։ Այնուհետեւ, օրուան դասախօս Հ. Փօլ Թարազի սկսաւ դասաւանդութեան։