News
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳԸ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ԴԷՄ
Երուսաղէմի մէջ կեդրոնացած պատրիարքներն ու առաջնորդները ուժեղ յայտարարութիւն մը հրապարակած են, դատապարտելով Երուսաղէմի քաղաքապետարանի բռնագրաւման հրահանգը Հայոց Պատրիարքութեան դէմ, զայն կոչելով իրաւականօրէ կասկածելի եւ բարոյապէս անընդունելի։ Հրահանգը, որ հիմնուած է չստուգուած եւ չափազանցուած քաղաքային տուրքի պարտքի մը վրայ, կը սպառնայ մեր պատմական հաստատութիւնը կալուածներու գրաւումով, անտեսելով դատաքննութիւնն ու կառավարութեան միջնորդութեան ճիգերը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը ազդարարած է, որ Իսրայէլ կը փորձէ բռնագրաւել անոր կալուածները «աստղաբաշխական եւ ապօրինի» համարուած տուրքերու պարտականութիւններու դիմաց, որոնք իբրեւ թէ կուտակուած են 1994-էն ի վեր, թէեւ այդ պնդումներուն մեծ մասը կը վերաբերի կալուածներու, որոնք վարձուած են նոյնինքն Երուսաղէմի քաղաքապետարանին։
24 Փետրուարին տեղի պիտի ունենայ դատական ունկնդրութիւն մը, որ պիտի որոշէ, թէ Պատրիարքարանի կալուածներուն աճուրդը կասեցնելու հայցը պիտի գոհացուի։ Եկեղեցական ղեկավարները կը յայտնեն, թէ այս աննախընթաց արարքը կը վտանգէ կրօնական ազատութիւնը եւ վտանգաւոր նախադէպ մը կը ստեղծէ Սուրբ Տեղեաց քրիստոնէական հաստատութիւններու համար։ Անոնք պահանջած են իսրայէլացի պաշտօնատարներու անմիջական միջամտութիւնը, կոչ ուղղելով բռնագրաւման գործողութեան սառեցման եւ բանակցութիւններու վերադարձին՝ արդար լուծման հետապնդման համար։