Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԴԱՆՈՎ (ծնունդ՝ 21 Փետրուար, 1937)

Տաղանդաւոր բեմադրիչ ու արուեստաբան Միքայէլ Վարդանով կը նկատուի վաւերագրական շարժանկարի աշխարհահռչակ վարպետներէն մէկը։

Վարդանով ծնած է 21 Փետրուար, 1937-ին, Գռոզնի (Չեչնիա, Ռուսաստան)։ Պատանի տարիքէն նուիրուած է լուսանկարչութեան եւ նաեւ աշխատած է իբրեւ ժապաւէններ ցուցադրող շարժանկարի սրահի մը մէջ։ Մոսկուայի Գերասիմովի անուան շարժապատկերի հիմնարկը փայլուն արդիւնքով աւարտած է 1965ին։ Անոր դասընկերներէն էր նշանաւոր բեմադրիչ Արտաւազդ Փելէշեանը։

Վարդանովի կեանքին մէջ շրջադարձային եղած է իր ծանօթութիւնը, տակաւին համալսարանական տարիներուն, Սերգէյ Փարաճանովի գործերուն հետ։ 1967ին եկած է Երեւան մօտէն ծանօթանալու եւ գործակցելու Փարաճանովի հետ, որ իր կարգին մեծապէս կը գնահատէր անոր արուեստը։ Վարդանով գործակցած է Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնի որոշ մասերու ստեղծումին։ Այնուհետեւ հաստատուած է Հայաստան եւ նուիրուած՝ վաւերագրական սեփական գործերու իրականացումին։ Յաջորդաբար արտադրած է «Հայկական հողի գոյնը» (1968), ուր իրենց արժանի տեղը գրաւած են հայ նկարչութեան մեծ վարպետը՝ Մարտիրոս Սարեան եւ նորարար տաղանդը՝ Մինաս Աւետիսեան, «Աշնանային հովուերգութիւն»ը (1971) եւ «Եւ այսպէս ամէն օր»ը (1972), աջակցութեամբ բեմադրիչ Արտաւազդ Փելէշեանի ու երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի։

1973ին Փարաճանովի ձերբակալութենէն եւ բանտարկութենէն ետք, Վարդանով իր ծանօթութիւնները օգտագործած է, որպէսզի ապահովէ իր գործընկերոջ ու մտերիմին ազատ արձակումը։ Բայց այդ նպատակով իր գրած նամակներն ու դիմումները ապարդիւն անցած են եւ պատճառ դարձած, որ Վարդանով շնորհազրկուի, այլախոհ հռչակուի, «Հայֆիլմ»-էն վտարուի եւ անգործութեան դատապարտուի մինչեւ 1983։ 1975-ին, Մինաս Աւետիսեանի արկածահար մահէն ետք, Վարդանով լռած չէ, ինչ որ աւելի խորացուցած է իր դէմ հալածանքը։ Ան միայն կրցած է աշխատիլ իբրեւ նկարահան, մասնակցելով «Քաջարան» (1974), «Տարուայ եղանակները» (1975) եւ «Թթենի» (1979) շարժանկարներուն։

1984ին, հալածանքը դադրած է եւ «Հայֆիլմ»-ը Վարդանովին առաջարկած է «Արմատներ» վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութիւնը, զոր այլ բեմադրիչներ մերժած էին։ «Արմատներ»էն ետք, ան ձեռնարկած է իր վերջին ստեղծագործութեան՝ «Ջնջուած դէմքեր» (1987), «Մինաս. Ռեքվիեմ» (1989) եւ «Փարաջանով. վերջին գարուն» (1992) վաւերագրական մեծարժէք եռագրութեան։ Վարդանովի ժառանգութեան անբաժանելի մասը կը կազմեն հայ արուեստի մասին իր տեսական արժէքաւոր յօդուածները, որոնք թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներով եւ տպագրուած՝ տարբեր հանդէսներու մէջ:

1996ին արտագաղթած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Հոլիվուտ, ուր շարունակած է իր աշխոյժ գործունէութիւնը ի սպաս Փարաճանովի հանճարին ներկայացման ու արժեւորման։ Մահացած է 31 Դեկտեմբեր, 2009-ին։