ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

Չորեքշաբթի, 5 Մարտին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի յայտագրի բացումը, գործակցութեամբ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։ Յայտագրին մաս կը կազմեն հսկումի կարճ արարողութիւն մը, դասախօսութիւն մը եւ հիւրասիրութիւն։
Առաջին դասախօսն էր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2025 թուականի հռչակագրին եւ անոր նիւթին՝ աւանդութեան վերակենսաւորումը։ Դասախօսութիւնը դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։
Յառաջիկայ շաբաթներուն, Մեծ Պահքի այս շարքը պիտի ներկայացնէ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատոյ հանգանակները։ Չորեքշաբթի, 12 Մարտին, Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) հոգեւոր հովիւ, պիտի խօսի Հայ Եկեղեցւոյ մկրտութեան հանգանակի մասին։