Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՊԱՐՈՅՐ ՄՈՒՐԱԴԵԱՆ (մահ՝ 20 Յուլիս, 2011)

Պատմաբան ու աղբիւրագէտ Պարոյր Մուրադեան հայագիտութեսն ազդեցիկ անուն մը եղած է, ի մասնաւորի միջնադարեան եւ վաղ արդի շրջաններու ուսումնասիրութեան մէջ։

Ծնած է 25 Մարտ, 1933-ին, Ջաւախքի Փապար (վրացերէն Ղադօ) գիւպին մէջ։ 1952-ին աւարտած է Ազաւրեթի միջնակարգ դպրոցը։ 1953-1958-ին իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղի արեւելեան (պարսկական) բաժնին մէջ։ 1960-1962-ին շարունակած է ուսումը Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի յետ-աւարտական բաժնին մէջ, իսկ 1963-ին պաշտպանած է իր առաջին դոկտորական աւարտաճառը՝ «Հայ-վրտցական մատենագրական փոխյարաբերութիւնները XVIII դարում» նիւթով (լոյս տեսած է ռուսերէն, 1966-ին)։ Նոյն թուականին լոյս ընծայած է իր առաջին հատորը՝ «Սայեաթ-Նովան ըստ վրացական աղբիւրների»։

Պարոյր Մուրադեան աշխատած է Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի հին գրականութեան բաժնին մէջ (1963-1970), իսկ 1970-ին սկսած է դասաւանդել համալսարանի պատմութեան ճիւղին մէջ, 1989-ին ստանալով փրոֆեսորի կոչումը։ Երկար տարիներ դասաւանդելով համալսարանին մէջ, բազմաթիւ երիտասարդ մասնագէտներ կազմաւորած է։ 1976-էն սկսեալ նաեւ աշխատած է Ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ, ուր կազմակերպած ու գլխաւորած է կովկասագիտութեան եւ բիւզանդագիտութեան բաժինը։ 1986-ին պաշտպանած է երկրորդ դոկտորական աւարտաճառը՝ «Վրաստանի հայերէն արձանագրութիւնները. Քարթլի եւ Կախեթ» նիւթով։ 2002-2003-ին դասաւանդած է »Հրաչեայ Աճառեան» համալսարանը։

Հայագէտը նշանակալից վաստակ մը ամբարած է հայ միջնադարեան մատենագրութեան, մշակոյթի, ճարտարապետութեան, պատմական սկզբնաղբիւրներու եւ վիմագրական յուշարձաններու բնագաւառներուն մէջ։

Հրատարակած է աւելի քան 300 գիտական աշխատութիւններ, ներառեալ «Հայաստանի վրացերէն արձանագրութիւնները», «Վրաստանի հայերէն արձանագրութիւնները» (2 հատոր), «Ագաթանգեղոսի հին վրացերէն խմբագրութիւնները», «Շուշանիկի վկայաբանութեան հայերէն եւ վրացերէն խմբագրութիւնները» եւ ուրիշ հատորներ։

Կազմած ու խմբագրած բազմաթիւ մատենաշարեր, ինչպէս եւ շատ հայագէտներու մենագրութիւններ։ Ան նաեւ հրատարսկած է անուանի հայագէտներու գիտական ժառանգութիւնը ամփոփող ժողովածուներ (Նիկոլայ Մառ, Յովսէփ Օրբելի, Լեւոն Խաչիկեան, Լեիոն Մելիքսէթ-Բէկ, Երուանդ Տէր-Մինասեան, Մկրտիչ Ներսիսեան եւ ուրիշներ)։

Մահացած է 20 Յուլիս, 2011-ին, Երեւանի մէջ։